Եմէնի հիւսիսի մէջ իշխող շիա ռազմաքաղաքական «Անսար Ալլահ» (հուսիներ) շարժումը յայտարարած է, որ Իսրայէլը ենթարկած է ամբողջական օդային շրջափակման: Այս մասին ըսուած է շարժման զինուած ուժերու հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է թելեկրամեան ալիքով։
Նշուած է, որ սա եղած է ի պատասխան Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւնն ընդլայնելու՝ Իսրայէլի կառավարութեան որոշման:
«Մենք շրջափակման հաստատման համար գործողութիւններ պիտի ձեռնարկենք՝ բազմակի հարուածներ հասցնելով օդակայաններուն, մասնաւորապէս՝ «Լոտ» օդակայանին, որ Իսրայէլը կ՚անուանէ «Պեն Կուրիոն» օդակայան... Կոչ կ՚ընենք բոլոր միջազգային օդանաւային ընկերութիւններուն հրապարակման պահէն հաշուի առնել այս յայտարարութեան բովանդակութիւնը եւ, թռիչքներու անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, չեղարկել բոլոր թռիչքները դէպի Իսրայէլ», –ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Եմէնէն արձակուած հրթիռի բեկորներն ինկած են «Պեն Կուրիոն» օդակայան, որու պատճառով այն փակուած է թռիչքներու եւ վայրէջքներու համար: