Քսանչորս ռուսական ընկերութիւն արդէն ցանկութիւն յայտնած է մասնակցելու «Ղարաբաղի վերականգնման» ծրագիրներուն. այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Եւտոքիմովը:
«Ես Խանկենտի (բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ-Խմբ.) եղած են այնտեղ խաղաղապահներու ներկայութեան ժամանակ, տեսեր եմ քաղաքի ե՛ւ հին, ե՛ւ ազատագրումէն (Ատրպէյճանի կողմէ քաղաքի բռնագրաւումը-Խմբ.) ետք արդէն վերականգնուած հատուածը։ Մեր ԿԱՄԱԶ-ն առաջինը սկսած է այնտեղ աշխատանքը: Ասթրախանի շրջանը Ղարաբաղի մէջ մանկապարտէզ կը կառուցէ, մինչեւ ամառ այն պիտի նուիրաբերուի ատրպէյճանցի երեխաներուն»,- նշած է դիւանագէտը։
Եւտոքիմովը աւելցուցած է, որ Ղարաբաղը պարզապէս ապշեցուցած է իրեն իր գեղեցկութեամբ: