image

Հոմս քաղաքը ցնցուած. 3 Տարեկան փոքրիկի սպանութիւնը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ (Տեսանիւթ)

 Հոմս քաղաքը ցնցուած. 3 Տարեկան փոքրիկի սպանութիւնը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ (Տեսանիւթ)

 

 Իրական պատճառները ցարդ կը շարունակեն մնալ անյայտ այն սպանութեան, որուն զոհ գացած է 3 ամեայ սուրիացի փոքրիկ ՝ Ժաուա Սթանպուլին։Դէպքը տեղի ունեցած է Հոմս քաղաքի «Հայ ալ մուաժիրին» թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուի Սթանպուլիներու բնակարանը։ 

 

 Մայրը, որ մեկնած էր հանրախանութ առօրեայ գնումներ կատարելու համար, խանութին մէջ պահ մը մնալէ ետք կորսնցուցած է դստեր հետքը։

Հինգ օր անյետացած մնալէ ետք Ժաուայի   այլափոխուած դիակը կը գտնեն «Թալ ալ նասր» աղբանոցին մէջ, իսկ դիակին ալ կը ծանօթանայ փոքրիկին մայրիկը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ կարելի եղած է դիակին ծանօթանալ հագուստներուն ճամբով։ 

Հոմսի մէջ մեծ աղմուկ կը հանէ եղած զազրելի ոճրագործութիւնը, եւ մինչ իրաւապահ մարմիններ հետաքննութիւն կը կատարեն քաղաքի բնակիչները կը պահանջեն խստագոյնս պատժել Ժաույի  սպանութեան պատճառ դարձած ոճրագործները, որոնք փոքրիկ հրեշտակի կեանքին վերջ տուած են հարուածներ տալով անոր գլխուն։