Հոգշ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեան ծառայութեան կոչուեցաւ Մոսկուայի մէջ

Հոգշ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեան ծառայութեան կոչուեցաւ Մոսկուայի մէջ

Վերջերս, Հոգշ. Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեան ծառայութեան կոչուած է Մոսկուայի մէջ։

Այս  մասին «Արեւելք» իմացաւ  Հոգշ.  Տ.  Գաբրիէլ վրդ.ի  դիմատետրեան էջէն,  ուր մասնաւորապէս  գրուած  է՝ 

Աստուածային ողորմութեան մեծութեամբ շրջապատուած,

Ամենակարողին առաջնորդութեամբ,

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին որոշմամբ, 

Ռուսաստանի Դաշնութեան, Նոր Նախիջեւանի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Եզրաս եպիսկոպոս Ներսիսեանի սիրալիր հրաւէրով,

Որոշուեցաւ մեր հոգեւոր ծառայութիւնը շարունակել Ռուսաստանի Հայոց Ուղղափառ թեմի մէջ։

Շնորհակալ եմ Աստուծոյ եւ Անոր օրհնութիւններուն առատութեան համար, եւ իմ խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ բոլոր եղբայրներուն, քոյրերուն, հայրերուն եւ հոգեւոր մայրերուն, որոնք իրենց ողջ կարողութիւնը ներդրին օգնութիւն ցուցաբերելով եւ ամբողջ սրտով ջանք թափեցին այս նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու համար:

Կ՚աղօթեմ բոլորիդ համար եւ կը մաղթեմ օրհնութիւններով ու յաջողութիւններով լի կեանք մը։ 

Յոյսով եմ, որ դարձեալ կը հանդիպիմ ձեզի լաւ վիճակի մէջ։

  Տ.Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեան