Սրբալոյս միւռոնը նուիրական նշանակութիւն ունի: Անոր, շնորհիւ եկեղեցիներ եւ հոգեւորականներ կ՛օծուին, մկրտուածներ կը դրոշմըւին, սպասներ եւ անօթներ կը սըրբագործուին:
Հայ եկեղեցին հոգեւոր ջերմեռանդութեամբ եւ երկիւղած բարեպաշտութեամբ կատարած էՍ. Միւռոնի օրհնութիւնը, անոր ընդմէջէն տեսնելով Քրիստոսի առաքելութեան ընդարձակումը, փրկութեան տարածումը եւ շնորհքին ծաղկումը:
Քառասուն տեսակ անուշահոտ ծաղիկներու եւ բոյսերու հիւթերէն բաղկացած Ս. Միւռոնը յատուկ աղօթքներով կը պատրաստուի եւ հանդիսաւորապէս կ՛օրհնուի Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ: Միւռոնօրհնէքով հայ եկեղեցւոյ դարաւոր երթին մասնակից դառնալու պատեհ առիթը կ՛ընծայուի իւրաքանչիւր հաւատացեալին, ուր նախորդ Միւռոնէն կաթիլ մը կըխառնուի նոր օծուելիք Միւռոնին հետ: Հինն ու նորը իրարու կը միախառնուին անքակտելիօրէն, աւանդութիւն մը, որ խօսուն վկան է Ս. Միւռոնին համահայկական տարողութեան եւպատմական հիւսուածքի շարունակականութեան:
Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակը տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւն, ձեռամբՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ եպիսկոպոսաց դասին եւներկայութեամբ հաւատաւորներու հոծ բազմութեան:
Ս. Միւռոնի օրհնաբեր յատկութիւնը վայելեց հալէպահայութիւնը:
Արդարեւ, Կիրակի 2 Օգոստոս 2015-ին, յընթացս Ս. եւ Անմահ պատարագին կատարուեցաւ նոր Ս. Միւռոնով ջրօրհնէք «խաչահանգիստ»:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց օրուան յատկանշական ըլլալուն իրողութիւնը, նշելով հաւաքական կամքով, վերանորոգ հաւատքով եւ կեանքի ընթացքը բարեփոխուած կերպով ապրելուն անհրաժեշտութիւնը, որով կարելի կ՛ըլլայ Տիրոջ հաճութիւնը շահիլ: Սրբազան Հայրը եզրափակեց ըսելով. «Ընկրկումի հոգեվիճակէն դուրս կու գանք, երբ թօթափենք յուսահատութիւնը եւ մէկդի ձգենք մտավախութիւնը: Հակառակ աննպաստ պայմաններուն` հարկ է քալել արդարութեան ուղիէն, հեռո՜ւ մնալով հաւատուրաց ապրելակերպէ եւ աստուածամերժ մտածելակերպէ»:
Քարոզէն ետք Առաջնորդ Սըրբազան Հօր ձեռամբ եւ քահանայ հայրերու մասնակցութեամբջրօրհնէքի արարողութիւն տեղի ունեցաւ: Միւռոնաթափ աղաւնին հանդիսաւոր թափօրովմկրտութեան աւազանէն խորան տեղադրուեցաւ, կարդացուեցան Սաղմոս, Ս. գրային ընթերցում եւ ջուրի օրհնութեան աղօթք. երգուեցան «Օրհնեսցի եւ սրբեսցի՛...», «Առաքելոյ աղաւնոյ...» շարականները: Նոր օրհնուած Ս. Միւռոնի կաթիլները իջան ջուրի կաթսային մէջ, իբրեւ սրբագործման վաւերական նշան:
«Փարատեա՛...» բժշկութեան աղօթքով աւարտին հասաւ հոգեպարար արարողութիւնը:
Հոգեգրաւ էր պահը իր աղօթական մթնոլորտով: Հալէպահայը անմասն չմնաց Ս. Միւռոնի օրհնութենէն, մեղքով գարշահոտած աշխարհին մէջ սրբաբոյր միւռոնը յոյս կը ներշնչէ եւմիաժամանակ կը յիշեցընէ առաքեալին հետեւեալ խօսքերը թէ. «Կորուստի ճամբուն մէջգըտնուողներուն համար մահաբոյր եւ մահաբեր կը թուի մեր կեանքը, բայց փրկութեան ճամբուն մէջ գըտնուողներուն համար` կեանքի բուրմունք է, կեանքի տանող» (Բ. Կր 2.16):
Այո՛, Ս. Միւռոնը կեանքի բուրմունք է:
Քաղաքիս մէջ ջուրի տագնապ կայ, սակայն այստեղ ջրամատակարարման տարբեր ձեւ կըպարզըւէր: Լուսածարաւ հոգիները յագեցընելու ծառայող ջուր էր օրհնուածը, իր աստուածահաճոյ խորքով եւ հայաշունչ բնոյթով:
Թող Ս. Միւռոնին օրհնաբեր հետքերը հարթեն ճանապարհը խաղաղութեան, որպէս գալիք բարօրութեան նշան:
«Գանձասար» Հալէպ Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան