Ան կեանքը նուիրած էր մարդոց կերակուր մատուցելուն ու այդ ըրած էր միշտ իր նշանաւոր ժպիտով: Մարտիկեան այդ ժպիտին մասին ըսած է,- «Ես կրցած եմ ժպտալ երբ անգլերէն չեմ կրցած խօսիլ, եւ երբ խոհարարական դասընթացքներու կը հետեւէի: Կը կարծեմ որ ժպտալու կարողութիւնս, նոյնիսկ երբ նիւթական վնասներ կը կրէի, պատճառ եղաւ որ ձեռք բերեմ այսքան ընկերներ, որոնք ճաշարանիս մեծ յաջողութիւն բերին»:
Իր ասպարէզին մէջ ձեռք բերած յաջողութեան մասին անդրադռնալով ամերիկահայ ալ տիտան մը գրող Ուիլիամ Սարոյեան ըսած էր «Հսկայ մարդը իր պայծառ դէմքով, որ կը մօտենայ ձեր սեղանին»:
Միացեալ Նահանգներու խոհարարական աշխարհի մէջ իր յայտնի տեղը ունեցած է հայազգի խոհարար՝ Ճօրճ Մարտիկեան: Ան եղած է առաջինը, որ Շիշ Քէպապը ներկայացուցած է ամերիկացիներուն:
Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ Պոլսոյ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ, հազիւ փրկուած ցեղասպանութենէն, ապա հաստատուած Սան Ֆրանսիսքօ Մարտիկեան, մահացած է 1977-ին 73 տարեկան հասակին: Մարտիկեան իր աշխատանքով յաջողած է դառնալ աշխարհի մակարդակով ամէնէն յայտնի խոհարար-ճաշարանատէրերէն մին: Մարտիկեանի Միջին արեւելեան ոճի «Օմար Խայամ» Ճաշարանը իր տնօրինութեամբ բաց մնացած է աւելի քան 40 տարիներ: Թէեւ Ճաշարան յաճախող հռչակաւոր յայտնիները սուղ կը վճարէին ի դիմաց համեղ արեւելեան ճաշերուն, բայց զինուորական ծառայութիւն ունեցողներն ու գաղթականները անվճար կը սպասարկուէին:
Մարտիկեան մեծ յաջողութիւն արձանագրած է նաեւ Սնունդի արդիւնաբերութեան մէջ: Արժանացած է «Ազատութեան» նախագահական մետալին: Մարտիկեան յայտնի էր նաեւ Հայաստանի համար կատարած իր բարեգործական գործունէութեամբ:
Ան կեանքը նուիրած էր մարդոց կերակուր մատուցելուն ու այդ ըրած էր միշտ իր նշանաւոր ժպիտով: Մարտիկեան այդ ժպիտին մասին ըսած է,- «Ես կրցած եմ ժպտալ երբ անգլերէն չեմ կրցած խօսիլ, եւ երբ խոհարարական դասընթացքներու կը հետեւէի: Կը կարծեմ որ ժպտալու կարողութիւնս, նոյնիսկ երբ նիւթական վնասներ կը կրէի, պատճառ եղաւ որ ձեռք բերեմ այսքան ընկերներ, որոնք ճաշարանիս մեծ յաջողութիւն բերին»:
Իր ասպարէզին մէջ ձեռք բերած յաջողութեան մասին անդրադռնալով ամերիկահայ ալ տիտան մը գրող Ուիլիամ Սարոյեան ըսած էր «Հսկայ մարդը իր պայծառ դէմքով, որ կը մօտենայ ձեր սեղանին»:
«Արեւելք»ի համար անգլերէնէ թարգմանեց՝ Թ. Գ.