image
Հրատապ լուրեր:

Հռոմի Պապը վիրահատութեան պիտի ենթարկուի

Հռոմի Պապը վիրահատութեան պիտի ենթարկուի

 

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը վիրահատութեան պիտի ենթարկուի Հռոմի հիւանդանոցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը, նշելով, որ սրբազան քահանայապետը վիրահատական միջամտութեան պիտի ենթարկուի աղիքներու կուրափողային (Diverticulitis) հիւանդութեան պատճառով:

«Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապն այսօր ուղեւորուած է Ճեմելլիի անուա հիւանդանոց, ու պիտի իրականացուի աղիքներու կուրափողային հիւանդութեամբ պայմանաւորուած   վիրահատութիւնը»,-ըսուած է Սուրբ Աթոռի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: