image

Հռոմի պապի առողջական վիճակին առընթեր որոշակի բարելաւում կայ

Հռոմի պապի առողջական վիճակին առընթեր որոշակի բարելաւում կայ

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի առողջական վիճակին մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին որոշակի բարելաւում կայ, յայտնած է vaticannews.va-ն՝ Վատիկանի մամուլի ծառայութեան յղումով:

Նշուած է, որ քահանայապետի երիկամներու հետ կապուած խնդիրները , որոնք առկայ էին վերջին օրերուն, կը նուազին, կրծքաւանդակի շերտագրութիւնը ցոյց տուած է որ թոքաբորբի բուժման հարցով առաջընթաց կայ, արեան քննութիւնները լաւ արդիւնքներ տուած են:

Հռոմի պապը կը շարունակէ միացուած ըլլալ թթուածնային ապահովման սարքին:

Կաթոլիկներու հովուապետը հիւանդանոց տեղափոխուած էր փետրուար 14-ին: Անոր մօտ ախտորոշուած է երկկողմանի թոքաբորբ: