image
Հրատապ լուրեր:

Հրմշտուք եւ բախումներ Աբովեան փողոցին վրայ. Բողոքի գործողութիւններու 4-րդ օրն է

Հրմշտուք  եւ բախումներ Աբովեան  փողոցին վրայ. Բողոքի գործողութիւններու 4-րդ օրն  է

Քաղաքացիները անհնազանդութեան գործողութիւններ իրականացուցած են Աբովեան փողոցին մէջ, անոնք նախ Մաշտոցի պողոտայէն երթով շարժած են Աբովեան փողոց: Իրավիճակը լարուեցաւ, երբ երթի մասնակիցներէն մի քանի հատը փորձեցին փակել հանդիպակաց երթեւեկութիւնը: Ոստիկանները թոյլ չտուին, որմէ յետոյ բախումներ եւ հրմշտոց տեղի ունեցաւ մի քանի քաղաքացիներու եւ ոստիկաններու միջեւ:

Ոստիկանները փորձեցին բերման ենթարկել քաղաքացիներ, վերջիններս պառկեցան գետնին եւ փակեցին փողոցը, որմէ յետոյ ոստիկանները ուժ կիրառելով բերման ենթարկեցին խումբ  մը քաղաքացիներ: Քաղաքացիները շարունակեցին երթը: Գեղամ Մանուկեանը լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ, որ անկախ ամէն ինչէ իրենք պիտի շարունակեն իրենց գործողութիւնները:

«Թուրքիայում այսօր ուրախանալու են հայ ոստիկանների արարքով, շարունակելու ենք պայքարը, պէտք է վախենա՞նք ոստիկանների բերման ենթարկելուց: Մենք իրականացնում էինք խաղաղ երթ` ոստիկանների հետ համագործակցելով, այսօր իրենց հետ հանաձայնեցնում էինք, վաղը ընդհանրապէս չենք հարցնի, դա էլ չեն ստանալու», ըսաւ ան: 

Անդրադառնալով երէկ ԱԺ նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին, Մանուկեան ըսաւ, որ ի սկզբանէ իրենք որոշած էին կարդալ հրաժարականի պահանջը եւ լքել դահլիճը: