image

Հրեշտակները Կը Մեռնի՞ն… (Յարգուած հայուհի եւ նուիրեալ մայր՝ Ֆլորա Ամպարճեանի յիշատակին)

Հրեշտակները Կը Մեռնի՞ն…  (Յարգուած հայուհի եւ նուիրեալ մայր՝ Ֆլորա Ամպարճեանի յիշատակին)

Չորս զաւակներուդ` Նորային, Տիրանին, Ճորճին ու Թամարին, ինչպէս նաեւ եօթը թոռներուդ ու երեք ծոռներուդ ջամբած համամարդկային եւ հայրենասիրութեան ու հայերէնասիրութեան արժէքները, անոնց հաւաքական նկարագիրի դրսեւորումներով` արդէն կը վկայեն մարդու եւ հայու բարձրակէտային առաքելութեան պատնէշին վրայ գտնուած ըլլալդ…

Լո՛յս երկնային ճանապարհիդ…

Այո՛, հրեշտակներն ալ կը մեռնին…

Մօր շիջումով մեր խորքերուն մէջ կը յամենայ տարակոյսի յաճախանքը` հրեշտակներու յաւերժութեան տիեզերական խորհուրդին… եւ մօր մահուամբ կը հասկնա՜նք, որ հրեշտակներն ալ կը մեռնին… հրեշտակներն ալ կը դառնան յաւերժի ճամբորդ… հրեշտակներն ալ կը մնան լուսաւոր յուշ եւ խնկաբոյր մորմոք…

Քառասուն օրեր առաջ, գարնան առաւօտ մը յեղակարծօրէն կ՛ընդհատուէր հայ մօր մը լուսառատ, սիրառատ կշռոյթով հնչող համանուագը, մօր մը, որ կեանք մը ամբողջ իր ներաշխարհը գունաւորած եւ իր շրջապատը վարակած էր իր սիրած «Մայիս»-ներու վարդաբոյր խորհուրդով…

Ոչ եւս էր Ֆլորա Ամպարճեան-Արսլանեան` ազնուական հայուհին, գորովոտ, տիպար մայրը, հայ կնոջ ուսանելի կերպարը:

Նման օրինակելի, գուցէ եւ այլեւս անփոխարինելի ու անկրկնելի հայ մայրերու շիջումով կը խախտի հայ նահապետական օճախի աւանդական հաւասարակշռութիւնը, կը նօսրանայ մեր կտոր մը երկինքի կապոյտը, կը խանգարուի մեր ներքին երաժշտութեան կշռոյթը, կ՛երերայ մեր ինքնութեան կռուաններու հիմնակառոյցը, կը տխրին մեր հին ու նոր աստուածները, եւ կու լան հրեշտակ դարձած մեր մայրերը բոլոր:

Արցունքոտ յուղարկաւորութիւն…

Յուզախռով ապրումներ` ի տես ուսամբարձ դագաղը կրող Ամպարճեան գերդաստանի Հալէպ փութացած ցրիւ այրերուն…

Հոգեհանգիստ…

Բուռ-բուռ ծխացող խունկ…

Վառող ու չհանգող մոմեր…

Ծնրադիր աղօթք…

Լեռնակոյտ վարդ ու ծաղիկ…

Եւ հիմա

Որքա՜ն լոյս կայ հողին տակ անտակ…

Որքա՜ն կապոյտ է երկինքը հիմա, երբ հայ մօր լուսաբաշխ հոգին կը վառէ պատրոյգը երկնքի լազուրին…

Ննջէ խաղաղութեամբ, Ամպարճեան գերդաստանի յոյժ յարգելի ու սիրուած տիրուհի՛…

ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ