image

Հրդեհ Թուրքիոյ Polonezköy նշանաւոր զբօսայգիին մէջ

Հրդեհ  Թուրքիոյ Polonezköy նշանաւոր զբօսայգիին մէջ

«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս- Երկուշաբթի գիշեր  Պոլսոյ  ասիական կողմը, Պէյքօզ շրջանին մէջ գտնուող Փոլոնէզքոյի  այգիէն ներս հրդեհ բռնկած է:

Պէյքոզ, Քաւասիք եւ Ռաւուշպաշի  շրջաններէն հասնող հրշէջի խումբերու միասնական ջանքերով մարած է կրակը:  Երեք ժամ տեւողութեամբ բռնկած հրդեհի հետեւանքով վնասուած է երկու հա անտառային հողամաս:

Հրդեհի պատճառը ցարդ կը մնայ անյայտ: Կ'ենթադրուի, որ շաբաթավերջին   Հիւսիսային Թուրքիոյ  հարաւ-արեւմտեան չոր քամիները պատճառ դարձած են կրակի ազդեցութեան ուժեղացման:

Նշենք, որ նաեւ  որ  Փոլոնէզքոյի  այգին (լեհական գիւղ՝ Թուրքիոյ մէջ) հիմնադրուած էր  լեհ նորաբնակներու կողմէ, 1842-ին, որոնք Լեհաստանի մէջ 1830-31 թթ.  բարձրացող ապստամբութեան պատճառով գաղթած եւ հաստատուած էին Օսմանեան կայսրութիւն:

Բնական սքանչելի գեղեցկութեամբ  գիւղը եւ անոր շրջակայքը  նշանաւոր հանգստավայր են Պոլսոյ  համար, մանաւանդ` շաբաթավերջերուն: