image

Արշիլ Կորքիի թոռնուհին վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանած է իր մեծ հօր մասին

Արշիլ Կորքիի թոռնուհին վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանած է իր մեծ հօր մասին

Քոզիմա Սփենտէր որ կը հանդիսանայ աշխարհահռչակ հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ադոյեան) թոռնուհին, վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանած է իր մեծհօր մասին։ Ժապաւէնը նկարահանուած է ցուցահանդէսի մը համար որ բացուած է Լոս Անճելըսի «Հաուզըր-Վըրթ» պատկերասրահին մէջ։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 28 Ապրիլ։ 

«Արշիլ Կորքի» վաւերագրական ժապաւէնը ունի 23 վայրկեան տեւողութիւն։ Շարժանկարը կը պատմէ 1941 թուականի ամրան, Արշիլ Կորքիի Նիւ Եորքէն դէպի Գալիֆորնիա ճամբորդութեան մասին, ուր իրեն կ'ուղեկցէին իր ապագայ կողակիցը՝ Ակնէս «Մուկուշ» Մակրուտէր եւ ճաբոնցի նկարիչ Իսաամու Նուկուչի։

Նկարահանումները կատարուած են «Արշիլ Կորքի» հիմնարկի աջակցութեամբ եւ «Հաուզըր-Վըրթ» պատկերասրահի համագործակցութեամբ։

Յիշեցնենք որ Արշիլ Կորքի ծնած է Վանի Խորգոմ գիւղի մէջ։ 1915ի ողբերգութեան օրերուն, ան իր մօր եւ երեք քոյրերու հետ գաղթած է Էջմիածին, յետոյ Երեւան։ Մօր մահէն ետք Կորքի 1920ին գաղթած է Ամերիկա, հոն փոխած է Ոստանիկ Ադոյեան անուն մականունը, ընտրելով Արշիլ Կորքի անունը, ակնարկելով իր սիրելի գրագէտ Մաքսիմ Կորքիին։