Հնչակեան երիտասարդներ երէկ Կիրակի 18 Յունուարին այցելութիւն տուած են Հնչակեան գործիչ Սարգիս Տխրունիի «Ֆըրն ալ Շըպաք»ի Ազգային Գերեզմանատան մէջ գտնուող շիրիմին: Նշենք, որ նախքան շիրիմ այցելելը ներկաները, որոնց շարքին Հնչակեան կուսակցութեան պատասխանատուներ մասնակցած էին Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Սուրբ Պատարագի տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան: Շիրիմին շուրջ ելոյթներով հանդէս եկած են ՍԴՀԿ «Տխրունի Ուսանողական միութեան» ներկայացուցիչ՝ Տիգրան Միհրանեան եւ ՍԴՀԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ՝ Տիար Կիրակոս Թիւթիւնճեան: ՍԴՀԿ ուսանողական միութեան համար աւանդոյթ է ամէնամեայ դրութեամբ այցելել Հնչակեան գործիչի շիրիմ: Իր ձախակողմեան կեցուածքներով յայտնի գործիչը սպաննուած էր 1929-ին Պէյրութի մէջ զոհ երթալով եղբայրասպան գնդակի մը: ՝