image

Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը խօսած է միջուկային զէնք կիրառելուն պատրաստ ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին

Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդը խօսած է միջուկային զէնք կիրառելուն պատրաստ ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին

Հիւսիսային Քորէային առաջանորդ Քիմ Եոնկ Ըն յայտարարած է, որ Հիւսիսային Քորէան պէտք է պատրաստ ըլլայ որեւէ պահի միջուկային զէնք կիրառելու՝ պատերազմը կանխելու համար։ Այս մասին հաղորդած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Քորէայի կեդրոնական հեռագրային գործակալութեան։

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարութիւնը հաղորդած է, որ իրենց մարտավարական հրթիռը, որ արձակուած է փորձարկումներու ժամանակ, անցած է 800 քիլոմեթր եւ խոցած թիրախը։

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Հարաւային Քորէան կ'ընդլայնեն համատեղ զօրավարժութիւնները, որոնք ուղղուած են Հիւսիսային Քորէայի դէմ։