image

Թրամփ բացառած է միջուկային զէնքի օգտագործումն Իրանի դէմ

Թրամփ բացառած է միջուկային զէնքի օգտագործումն Իրանի դէմ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ մտադրութիւն չունի միջուկային զէնք օգծագործել Իրանի մէջ՝ նշելով, որ ԱՄՆ-ն իր ռազմական նպատակներուն հասած է աւանդական եղանակով, գրած է BBC-ին։

Լրագրողի հարցին, թէ արդեօք ան պիտի օգտագործէ միջուկային զէնք Իրանի մէջ, Թրամփ պատասխանած է. «Յիմարութիւն»՝ աւելցնելով․ «Ինչո՞ւ պէտք է կիրառեմ միջուկային զէնք, երբ մենք լիովին՝ աւանդական եղանակով ոչնչացուցած ենք անոնց առանց ատոր»։

«Ոչ ոք երբեք պէտք է թոյլ տայ, որ միջուկային զէնք օգտագործուի»,-ըսած է ԱՄՆ նախագահը։