Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուն հերքած է այն պնդումները, թէ իսրայէլցի զինուորականները պատասխանատու են Կազայի հիւանդանոցի վրայ յարձակման համար։ Անոր խօսքով՝ հարիւրաւոր կեանքեր խլած պայթումը ահաբեկիչներու ձեռքի գործն է։
Այս մասին ան գրած է X-ի (նախկին Twitter) իր էջին:
«Ամբողջ աշխարհը պէտք է գիտնայ. Կազայի հիւանդանոցի վրայ յարձակած են բարբարոս ահաբեկիչները, ոչ թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը: Անոնք, որոնք դաժանաբար սպանած են մեր երեխաները, կը սպանեն նաեւ իրենց իսկ երեխաները»,- գրած է Իսրայէլի վարչապետը:
Աւելի վաղ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած էր, որ Կազայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած հզօր պայթումը պաղեստինեան անկլաւէն հրթիռի անյաջող արձակման հետեւանք է եւ միջադէպի պատասխանատւութիւնը կը կրէ «Իսլամական ճիհատ» կազմակերպութիւնը: