«Հին Իսթանպուլի ձայներ» գեղարուեստի երգչախումբը, որ կը փորձէ վառ պահել հայ յօրինողներու յիշատակը, նաեւ տուրք մատուցանել անոնց մեծ վաստակին՝ թուրք արուեստի երաժշտութեան մարզին մէջ, նոր համերգով հանդէս պիտի գայ՝ Մայիսին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Հին Իսթանպուլի ձայներ» գեղարուեստի երգչախումբը ծանօթ է մեր համայնքին։ Երգչախումբը, իր գործունէութեամբ ու համերգներով, կը փորձէ վառ պահել հայ յօրինողներու յիշատակը, նաեւ տուրք մատուցանել անոնց մեծ վաստակին՝ թուրք արուեստի երաժշտութեան մարզին մէջ։
Երգչախումբը, որ ամէն տարի հանդէս կուգայ ելոյթով մը եւ կը վայելէ Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի աջակցութիւնը, այս տարուայ համերգը նախատեսած է սարքել 4 Մայիսին, «Նարեկեան» սրահին մէջ՝ խմբավարութեամբ Լեւոն Թորոսեանի։ Որպէս հիւր արուեստագէտ, երգախումբին պիտի միանան Ստեփան Եփրեմեան ու Յովսէփ Գույումճեան։
Երէկ, 17 Մարտին, համերգին մեզ հրաւիրելու համար, խմբագրատուն այցելեց երգչախումբի հիմնադիր եւ երգուսոյց Հռիփսիմէ Գարափէքմէզ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք։