Փութին չկարողացաւ կոտրել ուքրանական բանակի դիմադրութիւնը իր չարդարացուած ներխուժման նկատմամբ, եւ այժմ ստիպուած է նահանջել Ռուսիոյ տարածք։
Այս մասին գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել:
«Ես վերահաստատեցի ԵՄ-ի լիակատար աջակցութիւնը Ուքրանիոյ ժողովուրդի պայքարին»,- գրած է Պորել։