Ռուսիան «երբեք նպատակ չէ ունեցած որեւէ տարածք գրաւել, այլ ուզած է պաշտպանել ռուսերը». այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։
«Կը փափաքիմ եւս մէկ անգամ ընդգծել․ մենք երբեք չենք խօսած այն մասին, թէ մեզի պարզապէս պէտք է որեւէ տարածք գրաւել։ Ո՛չ Խրիմը, ո՛չ Տոնպասը, ո՛չ ալ Նովոռոսիան երբեք մեր նպատակը չեն եղած որպէս տարածքներ։ Մեր նպատակը եղած է պաշտպանել մարդիկը, ռուս ժողովուրդը, որ դարեր շարունակ ապրած է այս հողերուն վրայ, զանոնք զարգացուցած է, արիւն թափած է անոնց համար թէ՛ Խրիմի, թէ՛ Տոնպասի մէջ, քաղաքներ ստեղծած է՝ Օտեսա, Նիքոլաեւ, եւ շատ ուրիշներ, նաւահանգիստներ, գործարաններ», — նշած է Լաւրովը։