Մենք հիմա արտահերթ ընտրութիւններ չենք դիտարկեր, կարիք չկայ նոյնիսկ այդ մասին խօսելու:
Այս մասին Սարդարապատի յուշահամալիրի մօտ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ Սրբազանը՝ պատասխանելով հարցին՝ եթէ իշխանութիւնը հնարաւորութիւն դիտարկէ արտահերթ ընտրութիւններու, Ձեզի համար ընդունելի կ՚ըլլա՞յ։
«Մենք հիմա նման բան չենք դիտարկում, շատ պարզ ասում եմ՝ բացարձակ չենք դիտարկում։ Կարիք չկայ նոյնիսկ դրա մասին խօսելու, որովհետեւ դա օրակարգի հարց չէ այս փուլում»,-ըսած է ան։
Հարցին ալ՝ Կառավարական ամառանոցներ գացիք Նիկոլ Փաշինեանը չտեսաք, եկած էք այստեղ, դարձեալ չկայ, մարդը փախուստի կը դիմէ, որո՞նք պիտի ըլլայն յաջորդ գործողութիւնները, ըսած էք մայիսը յաղթանակներու ամիս է, բայց արդէն կը վերջանայ, Սրբազանն ըսած է․ «Ասել եմ՝ մայիսը լաւ ամիս է, եւ մայիսը երբեք չի վերջանում»։
Բագրատ Սրբազանը շեշտած է, որ այսօր մեր պետականութեան վերականգնման տօնն է, մեր ամբողջ պատմութեան խտացումը Սարդարապատի մէջ է եւ ըսած է, որ իրենք հանրահաւաք չունին, եկած են ուխտագնացութեան։