image

ՀՀ վարչապետը ելոյթ ունեցած է «Կրթուելը նորաձեւ է» միջոցառման

ՀՀ վարչապետը ելոյթ ունեցած է «Կրթուելը նորաձեւ է» միջոցառման

Սթանիսլաւսքիի անուան դրամատիկական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Կրթուելը նորաձեւ է» բանախօսութիւններու շարքի առաջին հանդիպումը, որուն բանախօսը ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն էր։

Միջոցառման հրաւիրուած էր շարժման շուրջ 600 մասնակից, որոնք նախապէս մասնակցած էին ՀՀ վարչապետի տիկին եւ «Իմ քայլը» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն տիկ. Աննա Յակոբեանին հետ «Կրթուելը նորաձեւ է» շարժման հանդիպումներուն։ 

Իր բացման խօսքին մէջ տիկ. Աննա Յակոբեան նշած է, որ ամիսներ առաջ սկսած շարժման այսքան մեծ թիւով գաղափարակից-ընկերներ ունենալու փաստը զինք միայն կ'ոգեւորէ, եւ պիտի աշխատի առաջիկային հիւրընկալել տարբեր ոլորտներու առաջատար բանախօսներ՝ ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ արտասահմանէն։

Այնուհետեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է իր բանախօսութիւնը՝ «Իմանալ՝ ինչպէս» թեմայով։ Ելոյթի ընթացքին ընդգծուած են տարբեր ոլորտներու մէջ կրթուելու, մասնագիտանալու, հմտութիւններ ձեռք բերելու անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն պարզապէս կրթուելու, այլ նաեւ «իմանալ՝ ինչպէս» սկզբունքով գործելու տեսանկիւնէն։ Անդրադառնալով փորձի եւ գիտելիքի կիրառելիութեան՝ վարչապետը կարեւորած է հասարակութեան մէջ սեփական պատասխանատուութեան գիտակցման եւ շարունակական ինքնազարգացման դերը։

Բանախօսութեան յաջորդած է հարցուպատասխանի փուլը, զոր համակարգած էր տիկ. Աննա Յակոբեան։ Մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցած են ուղղել հարցեր անմիջապէս վարչապետին եւ ստանալ սպառիչ պատասխաններ: Հնչած է 10 հարցում, որոնց շուրջ ծաւալուած բուռն քննարկում։ 

Այսպիսով,  «ԹԵՏ Թոք»-երու միջազգային լաւագոյն փորձով (TED-formatted talks) ոգեշնչուած, այսօր Հայաստանի մէջ ծնաւ նոր ձեւաչափով կրթական, ոչ պաշտօնական հարթակ: Վերջինս միտուած է  հնարաւորութիւն տալու հասարակութեան լայն շերտերուն ընդլայնելու իրենց գիտելիքները, բացայայտելու նոր միտքեր եւ խորացնելու պատկերացումները տարբեր թեմաներու շուրջ: