Եռօրեայ աշխատանքային այցով ԱՄՆ ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, 26 յունիսին, ելոյթով հանդէս եկած է ԱՄՆ Ծերակոյտի Տըրքսէն մասնաշէնքին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան ու հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 100-ամեակին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:
ԱՄՆ ՀՀ դեսպանութեան, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ու Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակին համատեղ ջանքերով կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնը եզրափակած է ԱՄՆ Արեւելեան ափին տեղի ունեցած 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն շարքը:
Ձեռնարկին մասնակցած էին ամերիկահայ համայնքի` ԱՄՆ տարբեր վայրերէ ժամանած քանի մը հարիւր անդամ, ԱՄՆ Քոնկրէսի ու Ծերակոյտի անդամներ, ԱՄՆ վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ (Պետական քարտուղարութիւն ու Պաշտպանութեան քարտուղարութիւն, ԱՄՆ Զարգացման միջազգային գործակալութիւն, ԱՄՆ Առեւտրային ներկայացուցիչի գրասենեակ, եւ այլն):
Արմէն Սարգսեան, 26 Յունիսին, ժամանած է ԱՄՆ՝ Ուաշինկթըն, մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Սմիթսընեան ուսումնարանի ամենամեայ «Ազգային կեանք» փառատօնին, որ նուիրուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան: