Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործունէութիւն ծաւալող Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը՝ ղեկավար Մարքուս Ռիթըրի գլխաւորութեամբ, յունուար 17-ին հիւրընկալած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած ԵՄ անդամ 22 պետութեան դեսպաններ, անոնց ներկայացուցած է առաքելութեան գործունէութեան վերջին զարգացումները։
Այս մասին նշուած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան X-ի էջին կատարուած գրառման մէջ։
«Հայաստանում Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը պատիւ է ունեցել հիւրընկալել Հայաստանում հաւատարմագրուած ԵՄ 22 անդամ երկրի դեսպանների եւ նրանց ներկայացնել առաքելութեան գործողութիւնների, մանդատի եւ ծրագրերի վերաբերեալ վերջին զարգացումները»,-նշած է ՀՀ-ի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անդամ երկիրներուն անոնց հաստատուն աջակցութեան եւ շարունակական ներդրման համար: