image

ՀՀ-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ յունուար ամսուայ աւարտին

ՀՀ-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ յունուար ամսուայ   աւարտին

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնաժողովի յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ յունուարի վերջը, «Լուրեր»ուն յայտնած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը եւ նշած,որ յստակ օրը, ժամը եւ վայրը պէտք է լրացուցիչ համաձայնեցուի։

Գրիգորեանի հաղորդմամբ՝ նախնական պայմանաւորուածութիւններու համաձայն, հանդիպման նախ պիտի քննարկուի յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգի նախագիծը, որուն մէջ պէտք է յստակ սահմանուին համատեղ աշխատանքներու ընթացքին օգտագործուելիք իրաւական նշանակութիւն ունեցող փաստաթուղթերու, իրաւական արձանագրութիւններու տեսակները եւ տիպերը, պէտք է նոյնականացուին Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութուիներու Միութեան (ԽՍՀՄ) ժամանակաշրջանի վերջին տեղագրական քարտէզները, որոնք պատշաճ իրաւական հիմքերով կազմուած եւ տպագրուած են:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին հանդիպումը նոյեմբեր 30-ին էր, Իջեւանի եւ Ղազախի հատուածին մէջ։