Վերադառնալով սփիւռքեան համապատկերին, ապա այնտեղ ՀԲԸՄ-ի սխալները դարձան աւելի մեծ, աւելի «ահաբեկող» եւ անորոշութիւններու տանող։
Այդ առումով ալ Բարեգործականը դարձաւ «Ախոյեան»ը սփիւռքով մէկ տարածուած վարժարաններ փակելու «գործ»ին։
Ու այդ առումով ալ ցանկացած հայու մտքին ու հոգիին մէջ փորագրուած պիտի ըլլայ այն փաստը, որ Կիպրոսի մէջ գործող եւ անմահանուն բարերարներ՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Աղա Մելգոնեաններու ճակտի քրտինքով վեր սլացող լոյսի կեդրոն՝ «Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն»ը փակեց իր դռները եւ լռեց 1924 թուականէն ի վեր լսելի դարձած դարաւոր զանգն ու կտրուեցաւ հոն յաճախող սաներուն ձայնն ու երգը։
Այդ «սխրագործութիւն»ը որ «Մելգոնեան»ի փակումն էր երկար տարիներով պիտի շարունակէ մնալ հայութեան յիշողութեան մէջ ու ատոր համար ալ ՀԲԸՄ-ի նախկին նախագահն ու իր «համախոհներ»ը երկար ժամանակով պիտի շարունակեն մնալ մեղադրեալներ։
Ինչքան ալ իրատեսական փաստեր մէջտեղ դրուին, որպէսզի արդարացուի եղածը անհնար է մարսել, ընդունիլ կամ հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ «ՀԲԸՄ-ը որոշեց դպրոցը փակել, որովհետեւ սփիւռքի մէջ դպրոց պահելը նիւթական վնաս կը պատճառէ» դրոյթին հետ, որ քիչ «խելացիներ»ու կամ «Պերճ Սեդրակեան»ի դատը պաշտպանողներու խմբակի մը կողմէ դարձաւ պատասխան՝ Մելգոնեանին ու այլ դպրոցներու ամբողջական փակումին առթիւ տրուած հրապարակային հարցադրումներուն։
Անշուշտ խնդիրը միայն «Մելգոնեան»ով չպէտք է սահմանափակել, այլ խնդիրը՝ Բարեգործականի պարագային տեսլականի հարց էր. տեսլական, որուն մէջ կը բացակայի իսկական գէթ մէկ մտաւորական հայու խօսքն ու գաղափարը։
Համատարած լռութիւն մը կը տիրէ ՀԲԸՄ-ի մերձ շրջանակներուն մէջ։
Աւարտին հասած է Պերճ Սեդրակեանի նախագահութեան փուլը, եւ ընթացք առած է բոլորովին նոր փուլ մը, որուն առընթեր մեզմէ շատեր մեծ յոյսեր կապելու արդար իրաւունքը ունին։
22 Տարուան քննութեան խաչին վրայ պիտի չգամենք Բարեգործականն այսօր, սակայն բոլորիս համար աւելի քան յստակ է արդէն, որ հայկական իրականութեան մէջ աշխարհատարած այս Միութիւնը ամէնէն աւելին կարիքն ունի արդար եւ շինիչ քննադատութեան։
Ինչ շրջանակէ ալ գայինք, մեզմէ շատ-շատերուն համար Բարեգործականը միայն սովորական միութիւն մը չէր, այլ աւելին էր, Միութիւն էր։
Բարեգործականը անապահով խաւերէն եկողներուն համար լուսատու ջահի պահապան էր, դպրոց կերտող էր, հայախօսութեան ջատագով էր, հայօրէն եւ միասին մտածելու հարթակ էր ու աւելին ...։
Ի զուր չէ ըսուած, որ անցնող աւելի քան 50-60 տարիներուն սփիւռքով մէկ Բարեգործականը կարողացաւ իր արդար եւ իրաւ տեղը գրաւել, ոչ միայն անոր համար, որ Փարիզէն մինչեւ Մոնթէվիտէո կարողացաւ կանգնեցնել գեղակերտ շէնքեր ու կառոյցներ, այլ անոր համար որ այս միութիւնը եղաւ սփիւռքի աշխարհատարած հայութեան մշակոյթի եւ կրթութեան նախարարութիւնը. հետեւաբար անոր նախագահները դարձան սփիւռքի հայութեան համար կանաչ ճանապարհ հարթող, հայութեամբ զեղուն ճանապարհ հարթող նախարարներ, այն պարագային երբ գաղթականութիւնէն դէպի սփիւռքեան իրականութիւն նետուող հայութեան պայքարը պէտք է շարունակուէր բոլոր ճակատներուն վրայ։
Ի հարկէ նոյնպէս մեծ եղաւ դերը ՀԲԸՄ-ին Հայաստանի անկախութիւնէն ի վեր, ուր յանձն առաւ մեծ ու պատասխանատու գործունէութիւններ, որոնք յաճախ հասան իրենց նպատակին, բայց եւ այնպէս ան՝ Միութիւնը չկարողացաւ դառնալ մասնիկը Հայաստանի այսօրուան հասարակութեան։
Թերեւս սփիւռքի մէջ գործող միւս միութիւններու պարագային ալ ՀԲԸՄ-ն չհասկցաւ «Հայաստանեան իրավիճակ»ը ու սխալը սխալի ետեւէ գործելով, դարձաւ ինքն իր մէջ «գալարուող», ինքն իր մէջ
գոյացող մարմին մը, յար եւ նման «արհեստական» ու իր սեփական հողէն կտրուած ծաղիկներուն։
Վերադառնալով սփիւռքեան համապատկերին, ապա այնտեղ ՀԲԸՄ-ի սխալները դարձան աւելի մեծ, աւելի «ահաբեկող» եւ անորոշութիւններու տանող։
Այդ առումով ալ Բարեգործականը դարձաւ «Ախոյեան»ը սփիւռքով մէկ տարածուած վարժարաններ փակելու «գործ»ին։
Ու այդ առումով ալ ցանկացած հայու մտքին ու հոգիին մէջ փորագրուած պիտի ըլլայ այն փաստը, որ Կիպրոսի մէջ գործող եւ անմահանուն բարերարներ՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Աղա Մելգոնեաններու ճակտի քրտինքով վեր սլացող լոյսի կեդրոն՝ «Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն»ը փակեց իր դռները եւ լռեց 1924 թուականէն ի վեր լսելի դարձած դարաւոր զանգն ու կտրուեցաւ հոն յաճախող սաներուն ձայնն ու երգը։
Այդ «սխրագործութիւն»ը որ «Մելգոնեան»ի փակումն էր երկար տարիներով պիտի շարունակէ մնալ հայութեան յիշողութեան մէջ ու ատոր համար ալ ՀԲԸՄ-ի նախկին նախագահն ու իր «համախոհներ»ը երկար ժամանակով պիտի շարունակեն մնալ մեղադրեալներ։
Ինչքան ալ իրատեսական փաստեր մէջտեղ դրուին, որպէսզի արդարացուի եղածը անհնար է մարսել, ընդունիլ կամ հաշտուիլ այն գաղափարին հետ, որ «ՀԲԸՄ-ը որոշեց դպրոցը փակել, որովհետեւ սփիւռքի մէջ դպրոց պահելը նիւթական վնաս կը պատճառէ» դրոյթին հետ, որ քիչ «խելացիներ»ու կամ «Պերճ Սեդրակեան»ի դատը պաշտպանողներու խմբակի մը կողմէ դարձաւ պատասխան՝ Մելգոնեանին ու այլ դպրոցներու ամբողջական փակումին առթիւ տրուած հրապարակային հարցադրումներուն։
Անշուշտ խնդիրը միայն «Մելգոնեան»ով չպէտք է սահմանափակել, այլ խնդիրը՝ Բարեգործականի պարագային տեսլականի հարց էր. տեսլական, որուն մէջ կը բացակայի իսկական գէթ մէկ մտաւորական հայու խօսքն ու գաղափարը։
Ճիշդ է, Բարեգործականը անցնող քսան եւ աւելի տարիներու ընթացքին մեկենասը դարձաւ հարիւրաւոր հայ գրողներու եւ հեղինակներու, սակայն հարցը այն է, որ այդ մտաւորականներէն գոնէ մէկ հատին ականջ տուա՞ւ Բարեգործականը։
Պատասխանն անշուշտ ոչ է, որովհետեւ ՀԲԸՄ-ի նախկին նախագահը հաւատացած էր, որ անկարելի է դրական լուծումներու երթալ, անկարելի է տեսլականի մասին մտածել ու անկարելի է իրապէս ժողովուրդին Միութիւնը դառնալ։
Ու թերեւս ատոր համար էր, որ շատ-շատերու վկայութեամբ Բարեգործականը կամաց-կամաց (լաւագոյն պարագային) դարձաւ «հարուստներու խմբակ» մը, որ իր ենթակայութեան տակ ունի նուիրեալներու խումբեր, կամ նուիրեալ անձեր, որոնց երազն ու գաղափարը վաղուց արդէն սպառած է ՀԲԸՄ-ի մէջ։
Ի հարկէ տակաւին երկար կարելի է գրել ՀԲԸՄ-ին մասին, սակայն յոյսը, որ վաղուան եւ գալիքի ապաւէնն է այսօր մարմին կը զգենու նորանշանակ նոր նախագահի անունը լսելով, որ տարբեր ոլորտներու պարագային կը համարուի «դժուար եւ արդիական լուծումներ»ու հաւատացող կերպար։
ՀԲԸՄ-ը իրական Միութիւն է, անոր ետին կան հազար-հազարաւորներ ու այդ հաւատքը վաղուան կամրջելու մեր փորձերուն առընթեր ամենակարեւորը ինքնաքննդատութիւնն է, արդար եւ շինիչ քննադատութիւնը։