image
Հրատապ լուրեր:

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տասը գիրքի շնորհահանդէս` Տինքի 10-րդ տարելիցի առթիւ

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տասը գիրքի շնորհահանդէս` Տինքի 10-րդ տարելիցի առթիւ

«Հրանտ Դինք. 10 տարի անց» շաբթուան ծիրին մէջ 17 Յունուարին, սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած տասը գիրքի շնորհահանդէս: Գիրքերը պատրաստուած եւ հրապարակուած են զանազան կառոյցներու հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք:

«Սփիւռքի նախարարութեան գլխաւոր գործառոյթներից է Հայոց Ցեղասպանութեանն անդրադառնալը: 100րդ տարելիցը ցոյց տուեց, որ Սփիւռքը կենսունակ է, ակտիւ եւ կարողանում է առաջ տանել այդ թեման», յայտնած է սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ աւելցնելով, որ ներկայացուած գրականութեան մէջ նաեւ խօսուած է միջազգային փաստաթուղթերու եւ հայերու ունեցուածքին մասին:

Այդ տասը գիրքերն են. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Նոր Օսմանականութեան Գաղափարախօսութեան Համատեքստում» – Վիգէն Քոչարեան, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Միջազգային Իրաւական Փաստաթղթերում» – Արմէն Մարուքեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան Նիւթական Հետեւանքների Յաղթահարման Հիմնահարցը» – Անուշ Յովհաննիսեան, «Հայերի Ունեզրկման Գործընթացը Օսմանեան Կայսրութիւնում Եւ Քեմալական Թուրքիայում» – Ռուբէն Սահակեան, «Արեւմտեան Հայաստանի Ռազմաքաղաքական Եւ Վարչատնտեսական Իրավիճակը (1914թ. Յուլիս–1917թ. Փետրուար)» . «Գրական սփիւռք–2015» – Աւագ Յարութիւնեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան 50րդ Տարելիցը Եւ Երկրորդ Հանրապետութիւնը» – Նայիրա Պօղոսեան, Սոնա Կարապօղոսեան, «Թուրքիայի Հանրապետութեան Եւ Թուրքական Սփիւռքի Համագործակցութեան Հակահայկական Ուղղուածութիւնը» – Լեւոն Շիրինեան, Էմիլ Օրդուխանեան, Հայկ Սուքիասեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան Երկրաքաղաքական Համատեքստը Եւ Հայկական Հարցի Էւոլուցիան», Հայկազուն Ալվրցեան, «Համշէնը Եւ Համշէնահայութիւնը. Արդի Հիմնախնդիրները»։