Հրատապ լուրեր:

հայկական մեղեդին եւ Հրայր Խտըշեանի դերը. Անգամ մը եւս «Ալ Մայաս» խումբին մասին

 հայկական մեղեդին եւ Հրայր Խտըշեանի  դերը. Անգամ մը եւս «Ալ Մայաս» խումբին  մասին

 

 

Համաշխարհային մակարդակով մեծ հեղինակութիւն ունեցող Americas Got Talent մրցանքին Լիբանանեան «Ալ Մայաս» պարախումբը արձանագրեց փայլուն արդիւնքներ եւ գրաւեց մրցանքի առաջին դիրքը։

 

 Երկրի մը մէջ, ուր տարրական պէտքերու, դեղորայքի եւ ամէնօրեայ օգտագործման վառելանիւթի տագնապը ստեղծած է «հեղձուցիչ» իրավիճակ մը նման արդիւն մը կը համարուի ոչ միայն անսպասելի այլ նոյնիսկ զարմացնող։

 

 Ուշագրաւ է նաեւ, որ «Ալ Մայաս» խումբի կատարումներուն երաժշտական խորհրդատուն եւ մեղեդիներու հեղինակը լիբանանահայ մեր հայրենակից Հրայր Խտըշեանն է, որուն մասին ալ կարճ գրառում մը կատարած է Սագօ Գասապեանը։

 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրառումը, յիշեցնելով նաեւ, որ Հրայր Խտըշեան եղբայրն է Լիբանանահայ տաղանդաւոր բեմադրիչ, Խտըշեաններու շառաւիղէն ՝ Սուրէն Խտըշեանին։

 

 

 

 Գասապեան կը գրէ ՝

 

Կ՚ըսեն՝ «Ամէն յաջողած տղամարդու ետին փնտռել կին մը»։ Այս երիտասարդը՝ հայազգի Հրայր Խըտշեանը, փաստեց որ հակառակն ալ ճիշդ է, եւ կարելի։ 

Ան, վերջերս ԼՈՍ-ի մէջ կայացած America’s Got Talent ծրագրի մասնակցած, եւ այս տարուան անոր ախոյեան հանդիսացած լիբանանեան «Մայյաս» խումբի երաժշտական ձեւաւորողն է. կարճ՝ Հրայրի պատրաստած մեղեդիներուն ներքոյ է որ «Մայյասը» պարեց եւ արդարօրէն յաղթեց. աւելի կարճ՝ 40 կիներու յաջողութեան ետին ահա լիբանանահայ Հրայր Խտըշեանը, եւ անոր ձեւաւորած բարձրորակ երաժշտութիւնը, որուն մէջ հայկական մեղեդին լսելի է առանց յաւելեալ ճիգի։

Պրաւօ Հրայր (Harry Hedeshian) ջան։