Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, թէ Մայիս 14-ին ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումները հրաձգային զինատեսակներէն գնդակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերը` ապատեղեկատուութիւն է: Այս մասին յայտնած է ՀՀ ՊՆ-ը:
Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ ԶՈւ ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան տակ: