image

Հայերէնը կը զուարճանայ (93)

Հայերէնը կը զուարճանայ (93)

1. Աչքի առաջ ունենանք հետեւեալ երկու  ցանկերը՝

             --մանրամասնել, մանրամասնութիւն, մանրամասն, մանրամաս

--մանրամասնել, մանրամասնութիւն, մանրամասն , ……………

Ասոնցմէ առաջինը յատուկ է արեւելահայերէնին, երկրորդը՝ արեւմտահայերէնին:

Ուրեմն արեւմտահայերէնին կը պակսի մանրամաս բառը:

Մնացեալ երեքին  նշանակութիւնները մեր երկու բարբառներուն մէջ նոյնն են:

Միայն թէ գործածութեան յաճախականութեան տեսակէտէ՝ արեւմտահայը  աւելի կը կիրարկէ մանրամասնութիւն-ը, քան արեւելահայը. քիչ անդին կը տեսնենք՝ ինչո՛ւ:

Հիմա կեդրոնանանք  մեր չունեցածին՝ մանրամաս-ին վրայ:

                                                                                *   *   *

Սկսելու համար ըսեմ, թէ այս բառը գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ 19-րդ դարու առաջին կէսը. այլ խօսքով՝ ան հնարուած է  այդ դարու երկրորդ կէսին:

Գալով նշանակութեանը՝  անոնք երկուք են.

ա. Կը նշանակէ որեւէ սարքի, որեւէ մեքենայի՝  ինքնաշարժի, ատրճանակի,    գրամեքենայի կամ համակարգիչի եւ նմաններուն  բաղադրիչ կտորներէն իւրաքանչիւրը:

Արեւմտահայերս  փոխարէնը կը գործածենք կտոր բառը, իսկ փոխարինելի կտորը՝ փոխնորդ կտոր՝ ի նմանութիւն ֆրասներէնի, որ կ’ըսէ  pièce de rechange: Երբեմն չենք վարանիր կիրարկելու նոյնինքն ֆրանսերէնը:

              բ. Կը նշանակէ նաեւ  որեւէ պատումի, տեղեկութեան  մանր դրուագները, այլ խօսքով՝ մանրամասնութիւնները, եւ իր այս նշանակութեամբ՝ ան բոլորովին նոյնանիշ է մանրամասնութիւն-ին, սա՛ տարբերութեամբ, որ արեւելահայը կը նախընտրէ ըսել մանրամաս, քան մանրամասնութիւն.  հաւանաբար խօսքի տնտեսումի կամ նուազաբանութեան բերումով, քանի առաջինը երկու վանկ նուազ ունի երկրորդէն:

Նկատել նաեւ հետեւեալը. իր ա. նշանակութեամբ՝ ան յոգնակին կը պազմէ եր-ով՝ մանրամասեր,  իսկ երկրորդ նշանակութեամբ՝ ներ-ով՝ մանրամասներ:  Եւ այս զանազանութիւնը գրեթէ համատարած կը յարգուի՝ անկախ ենթակային տարիքէն ու կրթութենէն, որովհետեւ արեւելահայը եր եւ ներ յոգնակերտներու մշակոյթին  զգալիօրէն լաւ կը տիրապետէ:  Արեւմտահայն է, որ  նոյն բառը մերթ եր-ով կը կիրարկէ, մերթ ներ-ով, ճիշդ ինչպէս Միացեալ Նահանգները նոյն յօդուածին մէջ տեղ  մը եզակի կը նկատէ, երկու տող անդին՝ յոգնակի: 

Ի՞նչ եզրակացնել կամ թելադրել:

Անշուշտ անվարան պիտի թելադրեմ որդեգրել այս բառին առնուազն առաջին նշանակութիւնը՝ «սարքի բաղադրիչ մաս» նշանակութեամբ, որոհետեւ շատ գաւառահունչ է  կտոր  բառը.  ուրեմն՝  մանրամաս եւ  փոխնորդ մանրամաս,  քանի որ մեր բարբառը զրկուած է նման պերճանքէ:  

Մենք շատ սորվելիք ունինք արեւելահայերէնէն, այս ալ անոնցմէ մէկն է:

Աւելի վերապահ եմ երկրորդ նշանակութեան հանդէպ, քանի որ  երբ անդին կա՛յ անոր համարժէք մանրամասնութիւն-ը, քիչ  մը դժուար է հրաժարիլ անկէ եւ որդեգրել նորը, որքան ալ այս վերջինը շատ աւելի խնայողական ըլլայ իր երեք վանկերով՝ հինգի փոխարէն: Անդին  կայ տակաւին անոր յոգնականացումի հարցը. արեւմտահայը  եր ու ներ յոգնակերտներու զանազանութեան մշակոյթէն զուրկ է, ինչպէս  զուրկ է ամէն ինչէ, որ խելք եւ տրամաբանութիւն կը պահանջէ: Իրեն համար լեզուական ամէն երեւոյթ  պէտք է ունենայ բնազդական պարզութիւն, որպէսզի կարենայ... մարսել: Այլ հարց թէ երբեմն այդ բնազդէն ալ զուրկ է ան:

Իսկ թէ հակառակ այս բոլոր վերապահութիւններուս կը գտնուին կիրարկողներ,− ինչո՛ւ չէ, կանխայայտ շնորհաւորութիւններ. սահման քաջաց՝ զէնն իւրեանց, որքան հատանէ, այնքան ունի: 

2. Եզրաբանական՝ միակ, եզակի, եզական

Ասոնք առաջին նուագ հոմանշութիւն կը մատնեն, երեքն ալ ածական են եւ կը բնորոշեն   առարկայի մը  միակութիւնը, մէկ հատիկ ըլլալը: Բայց եւ այնպէս նոյնանիշ չեն, այսինքն՝ ի վիճակի չեն զիրար  ամբողջապէս փոխարինելու:  Ահա թէ ինչո՛ւ:

--Միակ-ը ցոյց կու տայ առարկայի մը մէկ հատիկ ըլլալը՝ առանց որեւէ գնահատական կատարելու այդ առարկային. այլ խօսքով՝ այդ առարկային որեւէ մէկ որակը չի թելադրեր. օրինակ՝ «Ան այս գիւղին միակ բժիշկն է»,-- սա կը նշանակէ գիւղին մէջ ուրիշ բժիշկ չկայ, եւ ասկէ զատ ուրիշ ոչինչ կը նշանակէ: Ան մօտաւորապէս համարժէք է մէկ թուականին, իսկ երբ  «մէկ  խնձոր» կ’ըսեմ, ապա խնձորին միայն քանակը բնորոշած կ’ըլլամ եւ ուրիշ ոչ մէկ յատկութիւն:

--Ան եզակի բժիշկ է:

Այստեղ արդէն եզակի ածականը մէկ բժիշկ ցոյց տալով հանդերձ, ապա կը բովանդակէ գնահատանք մըն ալ. նախ ան չի վաներ այստեղ գտնուող այլ բժիշկներու գոյութիւնը. կրնան գտնուիլ կամ չգտնուիլ: Ան կը թելադրէ բաղդատութիւն մը հաւանական  այլ   բժիշկներու հետ,  եւ անոնց մէջ ան՝ մերը, լաւագոյնն է, կը զանազանուի բոլորէն, հասկցէք՝ իր կարողութեամբ, հմտութեամբ եւ այլ բարեմասնութիւններով: Անոր նմանը չկայ ու վե՛րջ, եւ անոր միակութիւնը կը կայանայ  որակական այդ տարբերութեան մէջ:

--Ան եզական բժիշկ է:

Կը շարունակենք մէկ ու միակի բժիշկ մը բնորոշել,  լռելեայն թելադրելով միւս կողմէ՝ որ ոչ մէկ ուրիշ բժիշկ կրնայ հաւասարիլ այս մէկին  կամ հաւանականութիւնը ունի հաւասարելու անոր: Այսինքն՝ մեզի ծանօթ ու անծանօթ բժիշկները համօրէն դատապարտուած են անկէ ետ մնալու: Անհասարելի է ան: Շատ պատեհ է այստեղ անկրկնելի  ածականը. այդ բժիշկը անկրկնելի է, անոր նմանը չէ եկած ու չի կրնար գալ:

3. Որքա՞ն կարելի է կրկնել...

 «Ան չի պատրաստուիր հեռանալու, ատիկա բացառուած է: Ատիկա  որքան երկար շարունակուի, այնքան աւելի մեծ է հաւանականութիւնը, որ ատիկա պիտի վերածուի շրջանային պատերազմի»,− աւելցուցած է ՄքԿրեկըր» (14-7-22):

Ո՞վ գրած է այս չքնաղ հատուածը,− պիտի մտածէք երկիւղած,−   ըսել կ’ուզեմ՝ բառերու  այս ներդաշնակ համանուագը:

Ո՞վ կրնայ ըլլալ կամ թէ որո՞ւ կը վայելէ ան՝ բացի «Ազդակ»-ի քաղաքական էջէն:

Միայն անոր քնարն է, որ  կրնայ այսքան միալար ու քնքուշ թրթռալ:

Նոյն քնարի  միակի լարի  քաղցրահունչ թրթիռին կը պարտինք նաեւ՝ 

--«Կը գտնուինք ահարկու վտանգներու  դիմաց ընկերային տագնապներու պատճառով: Սյդ տագնապնեհրը պատճառ դարձան, որ պետութեան կառոյցները քայքայուին, եւ այդ պատճառով պէտք է մնանք կազմ ու պատրաստ» (27-8-22, էջ 8):

--«Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերէն մեծ ուժ մը  ամերիկեան օդուժի օժանդակութեամբ կը պաշարեն հանքերը» (անդ):

Ծանօթ.− Կը պաշարեն-ը պէտք է ըլլայ կը պաշարէ. պաշարողը եզակի է՝ ուժ մը:

 

Մրցոյթ 85. 

***Մէկ բառով լրացուր ասոյթը.

 ---Մենք հակամէտ ենք միշտ յիշելու խոստացուած համբոյրը եւ մոռնալու` ստացուածը: 

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

 ---Արտաքին երկիրներ ձեզի պիտի պարտադրեն նախագահ մը: 

 ---Դժուար է չմտածել  ու հաշտուիլ այսքան կորուստներով:

 ---Տեղի ունեցաւ մշակոյթի տարբեր ոլորտներու զարգացման քննարկում(ը):

---Ապօրէն  գաղթող երիտասարդներու մէկ նաւը ծովամոյն եղած է:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէoքմեճեան (7), Վահէ Աբէլեան (5) Գեղամ Խաչատրեան (1), Թալին Չորթան (1), Համբարձում Յարթունեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան(1), Պերլ Տէր Սահակեան (5), Արմէն Պաղտոյեան (6):

 

Մրցոյթ 86.

***Ընդգծէ՛  ամէնէն աւելի հայեցին, բարեհունչն ու ճիշդը.

ա.Իր կղզինրուն վրայ  Յունաստանի գերիշխանութիւնը վիճարկելի չէ:

բ.  Յունաստանի գերիշխանութիւնը իր կղզիներուն վրայ վիճարկելի չէ:

գ.  Յունաստանի գերիշխանութիւնը վիճարկելի չէ իր կղզիներուն վրայ:

***Ջնջէ՛ հետեւեալ  երեք «մը» յօդերէն մէկը.

---Տնակը կը գտնուի գետակի մը վրայ, նման շինութիւն մը լուծում մըն է  ցամաքային տարածքի պակասի:

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրես հետեւեալը.

---Նախագահը Լիբանանի զարթօնքին համար պէտք եղած բարեկարգումնրուն վերաբերեալ յստակ տեսլական ունի:

***Դէ՞մ, թէ՞ վրայ.

---Ցուցարարները դատապարտեցին Ազրպեյճանի յարձակումը Հայաստանի.............:

***Հայաստանի՞, թէ՞ Հայաստանի վրայ:

---Ազրպեյճան կը փորձէ իր պայմանները  զէնքով պարտադրել .....................................:

 

Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com