image

Հայերէնը կը զուարճանայ (180)

Հայերէնը կը զուարճանայ (180)

Ձախորդ շաբաթ մը... «Ազդակ»-ին  համար:

Կարծես այն օրը՝ 6   յունիս 2024, հայոց լեզուի բոլոր սխալները մրցումի ելած  ըլլային անոր երբեմնի լուսաւոր էջերուն:

1. «Քննարկումի նիւթ դարձան Կազայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը, հարաւի կացութիւնն ու Լիբանանի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան սպառնալիքները» (էջ 1):

Ճիշդ ի՛նչ տրամաբանութեամբ կրկնուած է շղթայազերծուած  դերբայը՝ յայտնի չէ, քանի կարելի էր դիւդաւ խուսափիլ նման անհաճոյ կացութենէ: Այդպիսով պիտի ստացուէր շատ աւելի կուռ ու տպաւորիչ կառոյց մը. փորձեցէ՛ք կարդալ այս մէջբերումը առանց երկրորդ շաղթայազերծուած-ին, եւ պիտի անդրադառնաք իրողութեան:

Միւս կողմէ՝ այս նախադասութիւնը պիտի խուսափէր բառային սխալ կիրարկումէ մըն ալ. քանզի  եթէ կարելի է ըսել «շղթայազերծուած պատերազմ», ապա կարելի չէ ըսել «շղթայազերծուած սպառնալիք»,  հայերէնը նման բառակապակցութիւն  կամ նման ոճ չունի. սպառնալիք-ին համար կ’ըսենք  ուղղուած, ուրեմն՝ « Լիբանանին ուղղուած իսրայէլեան  սպառնալիքները»:

Նկատելի է, որ ջնջեցինք դէմ   նախադրութիւնը եւս, որ աւելորդաբանութիւն մըն է՝ գոնէ այս պարագային:

2. [Սքայ նիուզ կ’աւելցնէ], որ յստակ չէ, եթէ Էրտողան Ասատը Թուրքիա՞ հրաւիրելու կ’ակնարկէ» (անդ):

Այս սխալը ատենը մէյ մը գլուխ կը ցցէ արեւմտահայ մամուլի եւ ի մասնաւորի ա՛յս էջին մէջ եւ սրբագրուելու ոչ մէկ նպատակ ունի. դուն ուզածիդ չափ խօսի՛ր, իրենք անշեղ գիտեն ընելիքնին: 

Հարցը կը վերաբերի եթէ շաղկապի կիրարկութեան՝ թէ շաղկապի փոխարէն:

Եթէ-ի այս կիրարկութիւնը օտարաբանութիւն է, հայերէն չէ. անգլերէնն ու ֆրանսերէնն են, որ այս պարագային կը գործածաեն  if  եւ  si (=եթէ) շաղկապը, որ այդ լեզուներուն մէջ կը ծառայէ անուղղակի հարցում ուղղելու. եւ ճիշդ այս պատճառով ալ այս տողերը  գրողը պարոյկով օժտած է Թուրքիա՞ բառը, որովհետեւ յիշեալ լեզուներէն մէկով  կը մտածէ ան եւ ըստ այնմ ալ կը կէտադրէ, իսկ հայերէնը բացակայ է, բացակայ է մա՛նաւնդ  զայն սորվելու տարրական տրամադրութիւնը, այս պատճառով ալ բազմիցս ակնարկուած այս սխալը առանց վարանումի կը քաշքշուի  եւ  ի դէպս ու յանդէպս կը հրամցուի հայ ընթերցողին:

Ուրեմն՝ «յստակ չէ, թէ Էրտողան Ասատը Թուրքիա հրաւիրելու կ’ակնարկէ»:

Ինչպէս կը նկատէք՝ ջնջեցինք պարոյկը եւս, քանի հայեցի մտածողութեամբ հարցական նախադասութիւն չկայ այստեղ, այսուհանդերձ կարելի է նաեւ ձգել այդ պարոյկը, քանի օտար լեզուներու ազդեցութեամբ՝ մենք եւս սկսած ենք իբրեւ հարցական ընկալել այս կառոյցը:

                                                                               *   *   *

Օտարաբանութեան այլ տեսակ մըն է  հետեւեալը, որ իր կարգին կոյր ու չմտածուած թարգմանութիւն է օտար աղբիւրէ. հաւանաբար անգլերէնէ.

Եւ կը յաւակնի հայերէն ըլլալ. «Առկախ հարցերը կը վերաբերին  համաձայնութիւնը  ինչպէս (=how to) գործադրելու խնդիրին» (անդ):

Հայեցի մտածողութեամբ՝ պիտի գրէինք.

«Առկախ հարցերը կը վերաբերին համաձայնութիւնը գործադրելու ձեւին»: 

Նկատելի է միւս կողմէ,  որ ջնջեցինք խնդրին աւելորդաբանութիւնը. չես գիտեր ուրկէ՛ բուսաւ այս զազրելի նորարարութիւնը եւ մասնաւորաբար ա՛յս էջին վրայ՝ անխտիր բոլո՛ր հասկացութիւնները հարց կամ խնդիր բառերով բնորոշելու անբացատրելի մոլութիւնը:

3. «Պաշտօնական հանդիսութեամբ նշուեցաւ...միութեան 50-ամեակը «դէպի երկրորդ յիսնամեակ» խորագիրով (անդ):

Խորագի՞՞՞ր... ճիշդ կը կարդա՞նք... բայց այո՜՜՜, ճիշդ կը կարդա՛նք:

Իսկ ի՞նչ ըսել է  խորագիր: Մեր գրեթէ բոլոր բառարանները զայն կը նկատեն «գիրքի տրուած անուն, վերնագիր, տիտղոս»:  

Որ այստեղ տրուած է... «միութեան մը 50-ամեակին»:

Սիրուած միութեան մը վերագրուող յանձնառութիւնը կամ բարեմաղթութիւնը՝ «դէպի երկրորդ յիսնամեակ», ի՞նչ  առնչութիւն ունի խորագիր-ի հետ. տեղի ունեցածը կամ թէ որդեգրուածը կարգախօս  մըն է, նշանաբան մըն է, թէկուզ... լոզունգ մը, բայց ոչ երբեք «խորագիր»:

Փցուն ու ձախող բառակապակցութիւն մըն է «պաշտօնական հանդիսաւո-րութեամբ»-ը: 

Պաշտօնական,— եւ ուրեմն նաեւ անպաշտօն (ական),— հանդիսաւորութիւն բառակապակցութիւնը ոչինչ ըսող ճոռոմաբանութիւն մըն է. կարելի է կիրթ ու կոկիկ հայերէնով ըսել՝ «հանդիսաւորապէս»  ու վե՛րջ. այս մէկ հատիկ բառով շեշտած եղանք այն մեծ, թէկուզ արտասովոր կարեւորութիւնը, որ կը փորձուի վերագրել տուեալ հաւաքին  կամ հանդէսին:

4.  «Ալի Խամենեյի ուրբաթ առաւօտեան քուէարկելէ ետք շեշտեց» (անդ):

Ձեր դպրոցական քերականութեան վրայ հիմնուելով կ’անդրադառնաք, որ այստեղ առաւօտեան բառը կիրարկուած է իբրեւ մակբայ. ժամանակական մակբայ եւ կ’եղանակաւորէ  քուէարկելէ դերբայը. 

***Ե՞րբ քուէարկելէ (ետք), — (ուրբաթ) առաւօտեան:

Արդ, հայերէնը այս կազմով  մակբայ չունի. կրնաք բանալ ձեզի ծանօթ բոլոր արեւմտահայ բառարանները եւ պիտի չգտնէք այդպիսին:

Եան-ով ածականներ ըմբռնելի են, ինչպէս՝ արեւելեան, սեւծովեան, աջա-կողմեան, ձախակողեան, միջնադարեան, երեւանեան, ուրեմն... առաւօտեան

Իսկ ածականով բայ չենք կրնար եղանակաւորել:

Արդի հայերէնի մէջ  առաւօտ բառը կա՛մ անփոփոխ՝ առաւօտ  (հայցական հոլով) ձեւով կա՛մ տրական՝ առաւօտուն ձեւով կը կիրարկուի իբրեւ բայական լրացում. հետեւաբար բերուած նախադասութիւնը կրնանք գրել՝

*** Ալի Խամենեյի ուրբաթ առաւօտ  քուէարկելէ ետք շեշտեց...

*** Ալի Խամենեյի ուրբաթ առաւօտուն քուէարկելէ ետք շեշտեց...

Բայց ո՛չ՝ առաւօտեան...

Մրցոյթ 177. 

***Հետեւեալին  մէջ աւելցուր միայն բառը.

---Ըստ առաջնորդին՝ կայ  շատ  կցկտուր ձայնագրութիւն մը միայն, որով ոչինչ կարելի  է փաստել:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը՝ ըստ ճաշակիդ.

---Տեսերիզը կը ցուցադրէ անօդաչու  սարքի մը նկարահանումը: 

***Ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնը.

---Հիմնադրամը մասնակցութիւն ունեցած է  Հայաստանի բոլոր իրադարձու-թիւններուն մէջ:

***Կէտերուն տեղ դի՛ր է կամ են

---Խաղաղ լուծումը եւ զինադադարը  միակ միջոցն  են խաղաղութեան:

***Վերաշարադասէ՛ ու կէտադրէ՛ հետեւեալը.

---Կը նախատեսուի, որ յաջորդ ընտրութիւններուն Շոլցի ձախ կեդրոն կուսակցութիւնը  (կը) պարտուի:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (2), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (3), Եփրեմ Թոքճեան (6):

Մրցոյթ 178.

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

---Ճումպլաթ մաղթեց, որ Լիբանան  պատերազմի մէջ չի ներքաշուիր:

---Տեսերիզը կը ցուցադրէ անօդաչու  սարքի մը կողմէ կատարուած նկարահանումը: 

***Ո՞ր բառը փոխարինումի կը կարօտի:

---Անոնք դատարկեցին շէնքը՝ աւելի մեծ աղէտ մը արգիլելու համար:

***Ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնները.

---Դիտակէտ մը փակած են Արցախի մէջ, այս անգամ՝ Ասկերանի շրջանի մէջ:

---Հիմնադրամը մասնակցութիւն ունեցած է  Հայաստանի կեանքին մէջ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ:

 


Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com

 

Ուշադրութիւն

Նախորդին հետեւեալ նախադասութիւնը՝ «Եկեր զկեանս քո ընդ պոռնիկս», 

            պարտինք թարգմանել. «Քու հարստութիւնդ պոռնիկներու հետ կերաւ»:

 

Ուտել՝  կերի-կերեր-եկեր(=կերաւ)...