image

Հայերէնը կը զուարճանայ (188)

Հայերէնը կը զուարճանայ (188)

Նահանջը առանց երգի

«Ազդակ», 31/8/24 — 2/9/24

***Ռուսիոյ իշխանութիւնները  լիակատար կերպով կ’աջակցին:

---Ռուսիոյ իշխանութիւնները լիովին կ’աջակցին:

 

***Յանձնախումբը կոչ ուղղեց երկիրը ամբողջական կերպով փակելու:

---Յանձնախումբը կոչ ուղղեց երկիրը ամբողջովին փակելու:

Ծանօթ.—  Հաւանաբար այս ոճով կը խօսէին ու կը գրէին... ենիչերիները:

                                                    *   *   *

***[Էրտողան.] Ազրպեյճանի հետ  միասին կ’աջակցինք իրաւահաւասարութ-եան...

---[Էրտողան.] Ազրպեյճանի հետ  կ’աջակցինք իրաւահաւասարութեան...

---[Էրտողան.] Մենք եւ Ազրպեյճան միասին կ’աջակցինք...

---[Էրտողան.] Մենք եւ Ազրպեյճան միասնաբար կ’աջակցինք...

 

***Իսրայէլեան բանակը հեռացաւ Խան Եունէսի... մեծամասնութենէն...

--Հայերէնին եւ հայեցի  լեզուազգացողութեամբ  նուիրականացած է մեծամասնութիւն բառով բնորոշել մարդկային հաւաքականութեան մը մեծագոյն մասը, օրինակ՝ ձայներու, ընտրողներու, հարցաքննուողներու: Տարածութեան համար կ’ըսենք՝ մեծ մասը, մեծ մասին, մեծ մասէն:

 

***Թշնամին պնդեց, որ կանխարգելիչ գործողութիւն կատարած է եւ կանխարգիլած է ... յարձակում մը:

---Թշնամին պնդեց, որ կանխարգելիչ գործողութիւն կատարած է եւ առաջքը առած է ... յարձակումի մը:

 

***Եթէ նախագահի ընտրութեան գործընթացը մինչեւ այդ ժամկէտը չկատարուի...

Գործընթաց եւ կատարուիլ հասկացութիւնները համատեղելի չեն: Այսպէս կարելի չէ ո՛չ մտածել, ո՛չ խօսիլ, ո՛չ ալ հաղորդակցիլ: Ստացուածը ո՛չ բանական միտք է, ո՛չ բանական լեզու է:

Փորձենք հայու պէս մտածել ու հայերէն ըսել՝

---Եթէ նախագահի ընտրութիւնը մինչեւ այդ ժամկէտը չկատարուի:

---Եթէ նախագահի ընտրութիւնը մինչ այդ տեղի չունենայ:

 

***Կեդրոնական դրամատունը պիտի շարունակուի կառավարուիլ:

Այս երկու կրաւորականները չեն կրնար գոյակցիլ. պարտինք ըսել՝

---Կեդրոնական դրամատունը պիտի շարունակէ կառավարուիլ:

 

***Ան Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրեց արցախցիներու տուն վերադարձի խոչընդոտը  ըլլալու յանցանքով:

---Ան Հայաստանի իշխանութիւնները ամբաստանեց արցախցիներու տուն վերադարձը խոչընդոտելու մեղադրանքով:

 

***Պէտք  է բաւարար նկատել Միութեան խումբի  դուրս բերման  համար:

---Պէտք է բաւարար նկատել Միութեան խումբի  դուրսբերման   համար:

դուրս բերել > դուրսբերում           մէջ(ը) բերել >  մէջբերում

 

***Հետամուտ ըլլալ Արցախի հիմնահարցը բանակցային օրակարգին մէջ ներառելուն:

---Արեւելահայերէնը, որմէ առնուած ու փոխադրուած է այս հատուածը, որոշիչ յօդով կը կիրարկէ տրական հոլովը՝ ներառելուն: Արեւմտահայերէնը  այս պարագային կը մերժէ այդ որոշիչ յօդը ու կը գրէ՝ ներառելու:

 

***Ռուսիան, Թուրքիան, Սուրիան եւ Իրանը Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ  յարաբերութիւններու կարգաւորման  շուրջ հանդիպում պիտի կատարեն: 

---Ռուսիա, Թուրքիա, Սուրիա եւ Իրան Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ  յարաբերութիւններու կարգաւորման  հանդիպում պիտի կատարեն: 

 

***Ուքրանիոյ պաշտօնատարները բազմիցս դիմած են դաշնակիցներուն... Ուքրանիոյ արտօնելու Արեւմուտքին տրամադրած զէնքով հարուածել Ռուսիոյ խորքին մէջ գտնուող զինուորական դիրքերը:

---Ուքրանիոյ պաշտօնատարները բազմիցս դիմած են դաշնակիցներուն... Ուքրանիոյ արտօնելու Արեւմուտքին տրամադրած զէնքով հարուածել Ռուսիոյ խորերը գտնուող զինուորական դիրքերը:

 

***Պորել կը շարունակէ ճնշում բանեցնել  Ուքրանիոյ արեւմուտքցի  դաշնակիցներուն վրայ...

---Պորել կը շարունակէ ճնշում բանեցնել  Ուքրանիոյ՝ Արեւմուտքի  դաշնակիցներուն վրայ...

---Պորել կը շարունակէ ճնշում բանեցնել  Ուքրանիոյ արեւմտեան  դաշնակիցներուն վրայ...

 

***Ոչ ոք կ’ուզէ Ռուսիոյ հետ պատերազմ:

---Ոչ ոք պատերազմ կ’ուզէ Ռուսիոյ դէմ:

Պատերազմիլ հետը՝ կը նշանակէ միասին, ընկերովի պատերազմիլ:

 

***Ոչ ոք մեզի  կ’արգիլէ  մեր հարազատներուն հետ հանդիպելէ:

---Ոչ ոք մեզի կ’արգիլէ  մեր հարազատներուն հետ  հանդիպիլ:

Արգիլել  ներգործական է եւ հայցական հոլով կը պահանջէ՝ հանդիպիլ:

 

Մրցոյթ 185.

***Գտի՛ր քերականական սպրդած սխալը ու սրբագրէ՛ զայն:

---Պայրամով այսօր կը հասնի Անքարա, ուր Ֆիտանի հետ կը քննարկէ խաղաղութեան պայմանագիրը:

***Հետեւեալներուն մէջ մէկական  բառ  փոխարինումի կը կարօտի.

---Բազմաթիւ անօդաչու սարքեր անվրէպ ուղղուեցան իրենց թիրախներուն:

---Այդ ձերբակալումը տեղի ունեցաւ դատարանի մէկ որոշումին հիմամբ:

***Ո՞ր բառերը կրնանք ազատօրէն ջնջել հետեւեալներուն մէջ:

---Պտղատու ծառերը կը կտրեն, որովհետեւ բերքը քաղելն իսկ բազմածախս  է:

---Լիբանանի հետ սահմանային  բախումներուն հետեւանքով  մահացած է զինուոր մը:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Արազ Գոճայեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (6), Համբարձում Յարթունեան (5), Ցոլակ Ապտալեան (5), Վահէ Աբէլեան (9), Պերճ Տէր Սահակեան (9), Եփրեմ Թոքճեան (3): 

Մրցոյթ 186.

***Աշակե՞րտ, թէ՞ աշակերտներ կը դնես կէտերուն փոխարէն:

---Անձնապէս երբեք չեմ հաւատացած, որ յօդուածներով, բեմերէ արտասանուած խօսքերով կամ այլ միջոցներով հայ դպրոցը կրնայ . . . . . . . . . հաւաքել:

***Հայեցի վերաշարադասէ՛ հետեւեալ... մահազդը:

---Վերջին նիստը մօտ 20  օր առաջ տեղի ունեցած է, յաջորդը 5 սեպտեմբերին  նախատեսուած է :

***Հետեւեալէն կարելի է զեղչել երեք բառ. գտի՛ր ու զեղչէ՛ զանոնք.

---Ճամբորդները կը նկատէին, թէ ինչպէ՛ս նաւաստիները կը պայքարէին փոթորի-կին դէմ  եւ  թէ ինչպէ՛ս անոնց բազուկները աստիճանաբար կը թուլանային:

***Սրբագրէ սպրդած քերականական սխալը:

---Որոշած են աջակցիլ պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոնց խիզախ ու պատուաբեր դիմադրութեան:

***Դուն ինչպէ՞ս պիտի նախընտրէիր ըսել հետեւեալը.

---Իսրայէլին  կողմէ գործուած ոճիրները պիտի չվախցնեն լրագրողները:



Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com