image

Հայերէնը կը զուարճանայ (167)

Հայերէնը կը զուարճանայ (167)

 Հեղինակային խօսք եւ մէջբերուած (ուրիշի) խօսք

 

Եթէ ուշադիր հետեւիք ձեր խօսածին ու կարդացածին, ապա պիտի նկատէք, թէ որեւէ  խօսող ու գրող միայն իր սեփական միտքերը չէ որ կ’արտայայտէ, այլ երբեմն  նոյն յաճախականութեամբ նաեւ ուրիշինը: 

Օրինակ՝

 ***—Եկած ենք մեր մասնակցութիւնը բերելու,—  ըսաւ խումբին ընկերացող միակ կինը:

Այս բարդ նախադասութիւնը ունի երկու շատ յստակ զանազանուող բաղադրիչներ՝

ա. եկած ենք մեր մասնակցութիւնը բերելու:

բ.  ըսաւ խումբին ընկերացող միակ կինը:

Առաջինը կը կոչուի մէջբերուած կամ ուրիշի խօսք, իսկ երկրորդը կը կոչուի հեղինակային խօսք

Ասոնք են անուանումները, որովհետեւ առաջինը այս բարդ նախադասութիւնը արտասանողին կամ գրողին կողմէ չէ մտածուած ու խօսուած, այլ  ինչ-որ կնոջ մը արտասանածն է, խօսքն է, որ բառացի մէջբերուած է:

Երկրորդը հեղինակային կը կոչուի, որովհետեւ  այդ շերտն է, որ կը պատկանի այս նախադասութիւնը արձանագրողին:

Ինչպէս կը տեսնենք, մէջբերուած խօսքը սկսանք անջատման գիծով, որ այստեղ կը կոչուի խօսակցական գիծ եւս: 

Իսկ մէջբերումն ու հեղինակային խօսքը իրարմէ անջատեցինք ստորակէտ-անջատման գիծով:  

Ծանօթ.— Յատուկ ուշադրութեան արժանի  է «ըսաւ» բայի դիրքը՝ շարադասութիւնը. ան դրուած է նախադաս մէջբերուած խօսքին անմիջապէս ետեւը՝ կէտ-գիծին  կից:  Այս շարադասու-թիւնը պէտք է յարգուի, այլապէս շատ անճոռնի կը հնչէ մեր խօսքը:

Կան նոյնը արտայայտելու  ուրիշ միջոցներ կամ գրելաձեւեր.

***«Եկած ենք մեր մասնակցութիւնը բերելու»,— ըսաւ խումբին ընկերացող միակ կինը:

Նախորդին հետ բաղդատած՝ տարբերութիւնը միայն կէտադրական է. մէջբերուած խօսքը  առջեւի գիծին փոխարէն  առնուած է չակերտներու մէջ:

Այլ օրինակներ՝

«Ռմբակոծումը տասը զոհ պատճառեց»,—  կ’աւելցնէ նոյն աղբիւրը:                                                                       

«Այս ոտքերո՞վ վեր պիտի ելլէք»,—  հարցուց տանտիկինը:

«Այս մարդը գէշ չի գրեր կոր, չէ՞»,— նկատել տուաւ Աբիսողոմ աղան:

***Խումբին ընկերացող միակ կինը ըսաւ.

—Եկած ենք մեր մասնակցութիւնը բերելու:

Այս տարբերակին մէջ նախ կու գայ հեղինակային խօսքը, որ կը վերջանայ միջակէտով մը: Ոմանք այս միջակէտին կից կը դնեն միութեան գծիկ՝ (.-), որ բոլորովին մերժուած է հայերէնի մէջ:

Մէջբերուած խօսքը կը տարուի նոր տող՝ սկսելով  խօսակցական գիծով, եւ կը վերջանայ վերջակէտով:

Ծանօթ.— Այս տարբերակին մէջ «ըսաւ» բայը դրուած է հեղինակային խօսքի աւարտին՝ ճիշդ նախորդին հակառակը. այս դիրքը ոճականօրէն պարտադիր է:

***Խումբին ընկերացող միակ կինը ըսաւ. «Եկած ենք մեր մասնակցութիւնը բերելու»:  

Սա ըստ ամենայնի նախորդին մէկ ձեւական նմանակն է:

Բոլոր բառերը պահած են իրենց շարադասութիւնը, յատկապէս «ըսաւ»-ը:   

Այս տարբերակը կը բնորոշուի մէջբերուած խօսքը եզերող երկու չակերտներով:  Իսկ հեղինակային խօսքն ու մէջբերուած խօսքը կը տրոհուին միջակէտով մը: Այս միջակէտին կից  գիծ կամ գծիկ նմանապէս բացառուած են:

***—Եկած ենք,— ըսաւ խումբին ընկերացող միակ կինը,— մեր մասնակցութիւնը բերելու:

Այս տարբերակը կը զանազանուի միւսներէն հեղինակային խօսքի միջանկեալ դիրքով: Այս ունենալու համար՝ կիսած ենք մէջբերուուղ խօսքը: Կը թաւագրենք անոր երկու հատուածները՝ աւելի ակնբախ դարձնելու համար:

    —Եկած ենք,— ըսաւ խումբին ընկերացող միակ կինը,— մեր մասնակցութիւնը բերելու:

Այս տարբերակը կը յատկանշուի միջանկեալ հեղինակային խօսքը եզերող երկու ստորակէտ-գիծերով:  Ոմանք կը գոհանան միայն  ստորակէտով, ինչ որ ընդունելի չէ, հայեցի չէ:  

Ծանօթ.—Այս տարբերակին մէջ, ուր կիսուած է մէջբերուած խօսքը, հեղինակային «ըսաւ» բայը դրուած է հեղինակային խօսքի սկիզբը, որ պարտադիր շարադասութիւն է:

Բնագրային օրինակներ Լեւոն Շանթէն: Կը թաւագրենք հեղինակային խօսքը:

( «Նոր Յառաջ»-էն (4/4/24))

—Բաբկէ՛ն հայրիկ,— ըսաւ,— այս բերդը... տէր չունի հիմա:

—Ո՛վ մեր իշխան,— ըսաւ Կոստանդին,— ներէ որ երթամ ձեր արդար դիտողութիւնները գործադրեմ:

—Ո՛չ ոք  կրնայ միայնակ  յաղթել,— պատասխանեց Թորոս,— յետին հիւանդապահ զինուորը մասնակից է մեր  յաղթանակին:

                                                             *   *   *

Բերուած  տարբերակներուն մէջ նկատելի է՝

--Միակ կիրարկուողը երկար (—) գիծն է, որ տեղին համեմատ կը կոչուի  խօսակցական գիծ կամ անջատման գիծ.  ան  մերթ առանձին կը դրուի, մերթ  ստորակէտի մը հետ (,—):

Արդի գրողները, ի սփիւռս եւ ի հայրենիս, իսպառ մոռցած ըլլալ կը թուին կէտադրական այս կանոնը,—  թող թէ տակաւին հարց է՝ երբեւիցէ գիտցա՞ծ են զայն,— եւ անջատման երկար գիծի փոխարէն կը կիրարկեն միութեան կարճ գիծը:

Անջատման գիծը հազուագիւտ կիրարկողներէն յիշեմ «Հորիզոն գրական»-ը  (քաղաքականը նման մանրուքներով ժամավաճառ չ’ըլլար, քանզի աւելի վեհ ու վսեմ նպատակներ կը շահագրգռեն զինք) եւ «Նոր Յառաջ»-ը:

Մրցոյթ 164.

***Կէտերուն տեղ դի՛ր իր կամ անոր:

---Մայրը վերյիշեց վաղուց հեռացած որդին  եւ անոր վերջին    ժպիտը:

---Մայրը վերյիշեց վաղուց հեռացած որդին ՝ իր  վերջին  ժպիտով: 

***Թօթափէ՛ կրկնաբանութիւնը:

---Մենք  Ուաշինկթընէն Երեւանին պէս (նման) անվերապահ աջակցութիւն երբեք չենք ստացած:

***Գտի՛ր սխալ կիրարկուած բառը ու սրբագրէ՛ զայն:

---Բանուորներուն ամսականը նուազած է, ուստի անհրաժեշտ է  լուծել այս կացութիւնը:

---Էրտողան եւ Նաթանիահու կը շահարկեն  ցեղասպանութիւնը՝ զիրար մեղադրելու համար:

Ճիշդ պատասխանած են՝  Գէորգ Եազըճեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8), Համբարձում Յարթունեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (3),Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Վահէ Աբէլեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (7): 

Մրցոյթ 165.

***Հետեւեալին մէջ կայ բառ մը, որ իր տեղը չէ. վերադարձո՛ւր ճիշդ  տեղը:

---Փաշինեան Ռուսիան մեղադրեց`ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու մէջ:

***Կէտերը փոխարինէ հետեւեալներէն մէկով՝ շնորհիւ, պատճառով, հետեւանքով, բերումով.

---Երկարատեւ  անձրեւներու . . . . . . . . . . գալիօրէն աւելցաւ անձրեւանոցի վաճառքը:

***Դուն ինչպէ՞ս կը գրէիր հետեւեալը.

---Աշտարակի մէջ  վայր մը կայ, որ մէկ անգամ այցելելէ յետոյ՝ կը ցանկաս անընդհատ  վերադառնալ: 

***Սրբագրէ՛ սխալ կիրարկուած բառեը:

---Նախագահը ընդունեց ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը, որուն հետ քննարկեցին քաղաքական կացութիւնը:

---Հաստատութիւնները փակ պիտի մնան Ֆիթրի առաջին եւ երկրորդ օրը: 



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com