1. Գիտէի՞ր ծագումը հետեւեալներուն.
--կաթողիկոս յունարէն
--արքեպիսկոպոս յունարէն
--եպիսկոպոս յունարէն
--վարդապետ պահլաւերէն/պարսկերէն
--աբեղայ արամերէն/ասորերէն
--քահանայ եբրայերէն/արամերէն/ասորերէն/արաբերէն
--դպիր պահլաւերէն/պարսկերէն
2. Քահանայ
Քանի հոգեւոր եզրաբանութեամբ սկսանք, քիչ մըն ալ զբաղինք հոգեւոր կրթութեամբ:
Քրիստոսի եկեղեցին սկզբնապէս կը ճանչնար հոգեւոր միայն մէ՛կ կարգ, այն է՝ քահանայութիւնը կամ աբեղայութիւնը: Ինքը՝ նիւթական եկեղեցին, կը սպասարկուէր քահանայով մը կամ աբեղայով մը, որ իր կոչումը ստացած կ’լլար ձեռնադրութեամբ եւ օծումով, եւ աշխարհական սարկաւագով մը, որ զուրկ էր վերոնշեալ կարգէն:
Քահանան կրնար ամուսնացած ըլլալ կամ ամուրի մնալ. ազատ էր:
Սովորաբար,− ոչ անպայման,− ամուրի քահանաները մենաստան մը կը քաշուէին:
Քահանային վրայ ժամանակի ընթացքին աւելցաւ եպիսկոպոսութիւնը. եպիսկոպոսը հոգեւոր ոչ մէկ գերակայութիւն ունէր քահանային վրայ, ան վարչական կոչում մըն էր, տիտղոս մը, եթէ կ’ուզէք, որ կը տրուէր թեմի մը կամ վիճակի մը առաջնորդին: Այլ խօսքով՝ առաջնորդը ինքնաբերաբար «եպիսկոպոս» կը կոչուէր իր այս պաշտօնին բերումով:
Եպիսկոպոսը կամ առաջնորդը իր կարգին կրնար ամուսնացած ըլլալ կամ ամուրի:
Աւելի ուշ եւ հետզհետէ ասոնց վրայ աւելցան եկեղեցական միւս տիտղոսները՝ արքեպիսկոպոս, կաթողիկոս, որոնց բոլորն ալ վարչական բնոյթ ունին եւ, ինչպէս ըսինք, հոգեւոր գերակայութեան կամ ստորակայութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունին. յաչս եկեղեցիին՝ բոլոր հոգեւորականները՝ ամուսնացեալ կամ ամուրի, ի՛նչ կոչում ալ ունենան, «քահանայ» կը կոչուին:
Եթէ ուշադրութիւն ըրած էք՝ պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան արարաողութեան սկիզբը, կ’երգուի շարական մը, որ կը սկսի հետեւեալ բառերով. «Քահանայք եւ ժողովուրդք, հայցեմք ի քէն, Տէ՛ր բարեգութ ...»,− այսինքն՝ եկեղեցւոյ մէջ ներկաները կրնան ունենալ երկու կարգավիճակ. մէկ կողմէ՝ ժողովուրդը, որ աշխարհական հաւատացեալներու ամբողջութիւնն է, միւս կողմէ՝ քահանան(երը)՝ երէցը, եպիսկոպոսը, թէկուզ կաթողիկոսը, որ հոգեւորականներու ամբողջութիւնն է՝ անկախ անոնց ունեցած այլազան տիտղոսներէն, որոնց ամբողջական ցանկը վերը՝ թիւ 1-ի մէջ տրուած է:
3. Կողմէ
Արդի հայերէնը խաթարող տարրերէն մէկն ալ այս աննշան ու ըստ ինքեան խեղճուկ բառն է, որ քիթը ամէն տեղ խոթելու հակամէտ է: Այո, այդ իրողութեան պիտի անդրադառնաք, եթէ քիչ մը ուշադրութիւն դարձնէք ձեր ընթերցած թերթերուն, յատկապէս «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերուն, ուր տիրական ներկայութիւն է ան:
Հրամեր էք.
--«Պաղեստինեան ուժերուն եւ իսլամական շարժումներուն կողմէ կազմուած է հետաքննութեան յանձնախումբ մը» (Ազդակ, 4/8/23, էջ 1):
Այս կողմէ-ն անշուշտ հետեւանք է կազմուիլ կրաւորական բային՝ «կազմուած է իսլամական շարժումներուն կողմէ», եւ հարցն ալ այս է. ինչո՞ւ կրաւորական բայ գործածել, երբ ոչինչ կը ստիպէ անոր գործածութիւնը:
Բայի մը բնական կիրարկութիւնը անոր ներգործական առումն է՝ կազմել եւ ոչ թէ կազմուիլ. այլ խօսքով՝ « Պաղեստինեան ուժերը եւ իսլամական շարժումները կազմած են հետաքննութեան յանձնախումբ մը»:
Այլ խօսքով՝ այնքան ատեն, որ կարելի է մեր միտքը արտայայտել սովորական ներգործական բայով մը, ապա պարտինք որդեգրել այս վերջինը՝ առանց ծեքծեքելու եւ դիմելու կրաւորական բայի մը ու անոր պոչը հանդիսացող կողմէ յետադրութեան:
Բաղդատել՝
--Մեսրոպ Մաշտոց հնարեց հայերէն այբուբենը:
--Հայերէն այբուբենը հնարուեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ:
Մեր ոճը պիտի շահէր, եթէ «հետաքննութեան յանձնախումբ մը» ըսելու փոխարէն ըսէինք՝ «հետաքննիչ յանձնախումբ մը»:
Ուրեմն՝ «Պաղեստինեան ուժերը եւ իսլամական շարժումները կազմած են հետաքննիչ յանձնախումբ մը»:
* *
*
Կողմէ-ի մոլուցքը այնքան տիրական է, որ մեր գրողները կրնան զայն բոլորովին աւելորդաբար եւս կիրարկել. ահաւասիկ օրինակ մը, որ շատ սովորական է.
-- «Խիստ մերժելի է պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն կողմէ այն համոզումը, որ Լիբանան լքուած երկիր է» (անդ):
Փորձեցէ՛ք փնտռել ու գտնել լեզուական այն նուազագոյն անհարաժեշտութիւնը այստեղ երեւցող կողմէ-ի կիրարկութեան. պիտի չգտնէք այդպիսին, որովհետեւ... չկա՛յ ան: Այս իրողութեան պիտի անդրադառնաք ջնջելով զայն, եւ պիտի նկատէք, որ ոչինչ կորսնցուց նախադասութիւնը իր պայծառութենէն, ընդհակառակը, շահեցաւ ան, քանի թօթափեց մտային աւելորդ ու անիմաստ բեռ մը. ահաւասիկ.
-- «Խիստ մերժելի է պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն այն համոզումը, որ Լիբանան լքուած երկիր է»:
Ոչինչ, բացարձակապէս ոչինչ կորսնցուցինք այդ չարաշուք կողմէ-ի ջնջումով:
Այս պարագային ալ կարելի է տակաւին աւելի հրապուրիչ դարձնել մեր խօսքը, եթէ որ շաղկապին փոխարէն կիրարկէինք թէ շաղկապը. ասոնք երկուքը թէեւ հոմանիշ են, այսուհանդերձ նոյնանիշ չեն: Որ կը կիրարկենք ստոյգ միտքեր արտայայտելու համար, թէ կը կիրարկենք հոն, ուր արտայայտուած միտքը... թէական է, մեր ամբողջական հաւանութիւնը չի վայելեր, ինչպէս այստեղ է. շարադրողը ինք չ’ընդունիր պաղեստինեան այն տեսակէտը, թէ Լիբանան լքուած է. ուրեմն՝
--«Խիստ մերժելի է պաղեստինեան կազմակերպութիւններուն այն համոզումը, թէ Լիբանան լքուած երկիր է»:
Մրցոյթ 137.
*** Լրացո՛ւր ասոյթը:
---Մեղրին անուշութիւնը չի կրնար դարմանել մեղուին խայթոցը:
***Զետեղէ՛ հետեւեալ բառերը՝ այս, երկու, ընկերութեան, սնանկացած.
---Ամերիկեան սնանկացած ընկերութեան այս երկու պաշտօնեաները:
***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարնրը.
--- Շահած դրամը բաւարար չէ օրուան ընթացիկ ծախսերը ծածկելու:
---Հանդիպումին մեկնութիւնը այն էր, որ Ֆրենժիէ մեր միակ թեկնածուն է:
---Կարգ մը մասնաճիւղեր իրենց նաեւ ճաշարանին պատերը վարդագոյն ներկեցին:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (6), Ցոլակ Ապտալեան(5), Համբարձում Յարթունեան (6), Մարք Շիրին(2), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (2), Գեղամ Խաչատրեան (4), Գրիգոր Սիմոնեան(5), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 138.
***Լրացուր ասոյթը.
---Մարդ միշտ բաւարար ուժ ունի կրելու համար ուրիշին . . . . . . . . . .:
***Որոշէ Թորոս-ին հոլովը.
---Բոլորը ընդառաջեցին առաջարկին, բացի Թորոս. . . . .:
Բոլորը ընդառաջեցին առաջրկին, ի բաց առեալ Թորոս. . . . . :
Բոլորը ընդառաջեցին առաջարկին՝ բացառութեամբ Թորոս. . . . .:
***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.
---Պլինքըն կոչ ուղղեց դադրեցնելու գործողութիւնները եւ մագլցումին վերջ տալու:
***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Այս դեղին գործածութիւնը կրնայ վնասակար հետեւանքներ ունենալ եւ ոսկրային ցաւերու պաճառ դառնալով:
---Պետիկ Չիֆթելեանի արագ եւ անժամանակ մահը ցնցեց իր հարազատները:
Արմենակ Եղիայեան