1. «Ադրբեջանը լրիւությամբ անջատել է Արցախի գազամատակարարումը»:
Այո, բարեկամներ, այս ալ պիտի գար գլուխնիս...
Գազի մատակարարման ընդհատումին չեմ ակնարկեր... այլ «լրիւութեամբ» կոչուած կոտոշաւոր մակբային:
Կրկնակ մակբայի նախաճաշակը քիչ թէ շատ ունէինք. ըսենք՝ անպայման-անպայմանօրէն: Քիչ մը դժուար է պատկերացնել, օրինակ, դոկտ. Ճէպէճեանի մէկ յօդուածը առանց այս մակբային, երբեմն մէկ, ընդհանրապէս բազմաթիւ կրկնութիւններով: Եւ միայն ինք չէ. սփիւռքահայ մամուլին մէջ կը վխտան՝
--բառացիօրէն
--տառացիօրէն
--շեղակիօրէն
--մասնակիօրէն
--բազմակիօրէն
Օրէն...օրէն...օրէն...երբ ասոնք բոլորը արդէն մակբայ են առնց այդ օրէն-ին:
Ի՞նչ է տարբերութիւնը, օրինակ, հետեւեալ երկուքին.
--Անպայման պիտի յաջողինք...
--Անպայմանօրէն պիտի յաջողինք...
Երկրորդը բացարձակապէս ոչինչ կ’աւելցնէ առաջինի յաջողութեան հաւանականութեան վրայ, եթէ ոչ՝ բանջունիական մեծախօսիկութիւն մը, որ կանխիկ ձախողութեան մը առհաւատչեան է:
Ասոնք... իրենց կարցին:
Սակայն ուրիշ հնչեղութիւն ունի լրիւութեամբ-ը:
Ինչո՞ւ...
Որովհետեւ արեւմտահայերս միշտ ալ միամտօրէն կարծած ենք, թէ արեւելահայերէնը աւելի ճիշդ խօսուող ու գրուող լեզու մըն է, տրուած ըլլալով դպրոցներու խիտ ցանցը, լեզուաբաններու ու բառարանագիրներու յարատեւ հսկողութիւնը հայերէնի վրայ, իր Լեզուի կոմիտէով եւ Տերմինաբանական կոմիտէի պատկառելի անցեալով, այլեւ հազարումէկ ուղեցոյցները, որոնք կը դրուին արեւելահայ դպրոցականին, գրողին ու լրագրողին տրամադրութեան տակ:
Եւ բոլորին վրայ այն խոր արհամարհանքը, որ արեւելահայը կը տածէ արեւմտհայուն ու արեւմտահայերէնին հանդէպ, որ իրեն համար կը մնայ «սխալ լեզու»-ի տիպարը, այն նոյն արեւելահայուն, որ չի խրտչիր ռուսերէնէն, անգլերէնէն, գերմաներէն եւ քիչ մը ամէն օտարաբանութենէ եւ կը խրտչի մի՛այն արեւմտահաերէնէն՝ իբրեւ սխալ լեզուէ, տակաւին կայ սխալ ուղղագրութիւնն ալ:
Բայց ահա որքան մեծ եղաւ զարմանքս, երբ լրիւութիւն-ը հանդերձ ընտանեօք գտայ... Ակադեմիայի եւ Աղայեանի բացատրական դարակազմիկ բառարաններուն մէջ.
--լրիւ
--լրիւանալ
--լրիւօրէն
--լրիւութիւն
Էապէս խորթ, հայերէնի բառակազմութեան տառին ու ոգիին հակադրուած կառոյցներ. հայերէնը մակբայական/գործիական հիմքերով բառ չի կազմեր, ըստ այնմ ալ մերժելի են լրիւանալ, լրիւօրէն, լրիւութիւն հաւասարապէս:
Ասոնց փոխարէն դարեր շարունակ միատեղ կիրարկած ենք՝
--լրանալ
--ամբողջանալ
-- ամբողջութեամբ
--ամբողջութիւն
Ունինք տակաւին գրաբարեան միւռոնի պէս արդար ու բարեհհունչ «ի լրումն» ասոյթը եւս, որ այնքան վայելչութեամբ կը կիրարկուի աշխարհաբարի մէջ:
Ի պատիւ Մալխասեանցի պարտիմ ըսել, որ ունի միայն լրիւ մակբայը:
Այս բոլորը կը թելադրեն, որ պարտինք զգուշ մօտենալ մակբային. չմոռնանք, կան պարագաներ, ուր մակբայի կիրարկութիւնը ըստ ինքեան խորթ է. օրինակ՝
«Հայ ազրպեյճանական կագաւորումները պէստք է զուգահեռաբար ընթանան»:
Զուգահեռաբար մակբային փոխարէն շատ աւելի վայելուչ ու բարեհունչ է զուգահեռ ածականը:
Ստուգաբանութիւն
--Ասոնց բոլորին արմատն է լիր ածականը, որ կը նշանակէ լեցուն:
--լրանալ կը նշանակէ «լեցուն դառնալ», այլ խօսքով՝ ամբողջանալ. «տարին լրացաւ»՝ տարին ամբողջացաւ, իր ամբողջ տարողութեամբ տեւեց, դրսեւորուեցաւ: «Լուսինը լրացուց իր փուլերը»:
--լրութիւն՝ լիութիւն, առատութիւն, ամբողջութիւն
--լրութեան հասնիլ՝ լրանալ, ամբողջանալ, նուաճել ակնկալուած որակի մը գագաթը
--լրում՝ լրացում, ամբողջացում, իրագործում, պսակում, կատարելութիւն
--լրիւ՝ գրաբարեան գործիական հոլով լիր-ի. աշխարհաբարի մէջ կ’ընկալուի իբրեւ մակբայ. կը նշանակէ ամբողջութեամբ. որ իր մէջ կը կրէ խնդրոյ առարկայ քանակութեան մը ամբողջութիւնը. «պարտքը լրիւ վճարել»՝ զայն ամբողջութեամբ վճարել, «պարտականութիւնը լրիւ կատարել»՝ ամբողջութեամբ կատարել, պակաս բան չձգել:
--ի լրումն՝ գրաբարեան ասոյթ մըն է, որ նոյնութեամբ անցած է աշխարհաբարին՝ նոյն նշանակութեամբ, որ է «իբրեւ լրացում, իբրեւ ամբողջացում, իբրեւ կատարելագործում» նախաձեռնութեան մը, ճիգի մը, իրագործումի մը, որուն վրայ կու գայ աւելնալու վերջին նուաճում մըն ալ. այս վերջինը կ’արտայատենք «ի լրումն» ասոյթով.
«Ի լրումն այս բոլոր գնահատանքներուն ու նիւթական վարձատրութեան՝ ան պարգեւատրուեցաւ հաստատութեան ոսկեայ շքանշանով»:
«Ի լրումն տարիներու իր անխոնջ վաստակի վայելած յարգանքին ու ակնածանքին՝ անոր շնորհուեցաւ “վաստակաւոր մանկավարժ”-ի կոչումը եւս»:
«Ի լրումն այս բոլոր փորձանքներուն՝ ոտքն ալ կոտրեց»
Մրցոյթ131.
***Վերաշարադրէ՛ աեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Օտարները աւելի լուրջ թղթածրարներ ունին լուծելիք, քան լիբանանեանը:
---Անոնք սկսան մարզել բանակը՝ բարձրացնելու համար անոր արհեստագիտութիւնը:
---Իրանի դէմ պատժամիջոցները Ռուսիոյ անօդաչու սարքերով օգնելու եւ Սուրիոյ հակաօդային համակարգ հաստատելու համար են:
---Եռաբլուրի մէջ ամփոփուած են աճիւնները նաեւ 19-րդ դարու հայ ազգային նահատակներու:
---Պայթումը տեղի ունեցած է պանդոկի մը մօտ` թիրախ ունենալով ինքնաշարժ մը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (6), Հաբարձում Յարթունեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (8), Լեւոն Շառոյեան(6), Եփրեմ Թոքճեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (6):
Մրցոյթ 132.
***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Նոյն առարկայական վերաբերումը ցոյց տուաւ այլ հայկական թերթերու հանդէպ:
---Այս մեր երկու սուրբ պատմական վկայարանները ոչնչացման ենթակայ են:
---Զբօսաշրջիկը հապճեպ այցելութիւններ տուաւ հօրը շիրիմին եւ կից մատուռին:
---Բանագնացը տեսակցութիւններ ունեցաւ քաղաքական խմբաւորումներուն հետ:
---Ան հոգաց ոչ միայն իր, այլեւ ամբողջ աշաւախումբի կեցութեան ծախսերը:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան