image

Հայերէնը կը զուարճանայ (131)

Հայերէնը կը զուարճանայ (131)

         1. Զուարճալի ... սխալ մը

            Հիմա պիտի արդարօրէն հարց տաք, թէ սխալի՞ն ալ զուարճալին կ’ըլլայ:

            Ես ալ չէի գիտեր, թէ կ’ըլլայ եղեր... երբ ան կու գայ մեր շատ սիրելի «Ակօս»-էն:

            Ահաւասիկ խնդրոյ առարկան.

            «Ըստ դատարանի որոշմամբ՝  հակառակ փաստաթուղթ չէ ներկայացուած» (թիւ 1404):

            Սա այն օրինակներէն է, ուր գրողը կը քաշքշուի երկու տարբեր լեզուներէ, այս պարագային՝ գրաբար եւ աշխարհաբար:

            Ըստ նախադրութիւնը գրաբարի թելադրութեամբ կը պահանջէ տրական հոլով՝  ըստ ինծի, ըստ ըսի-ըսաւներու, ըստ դատարանին եւ այլն: Ասոնք երեքն ալ տրական կառոյցներ են:

            Բայց ահա    «ըստ  որոշումին» ըսելու փոխարէն՝ կը գտնենք «որոշմամբ»՝ գործիական հոլով. իսկ գործիական հոլովը առանձինը, առանց  «ըստ» նախադրութեան, աշխարհաբարի մէջ համարժէք է գրաբարի «ըստ որոշման»-ին. այսինքն՝

                        գրաբար «ըստ որոշման» =  աշխարհաբար «որոշմամբ»

            --ըստ դատարանի  որոշման,  ըստ Թորոսի որոշումին

            --դատարանի որոշմամբ, Մարկոսի որոշումով

            Ուրեմն լրագրողը սկսած է մտածել գրաբար, կէս ճամբան հասած՝ միտքը փոխած է ու մտածած է աշխարհաբար, եւ ստացուած է այս... cocktail-ը:

            Խմողաց անուշ:

            2. «Ակօս»-ի անակնկալը վերոբերեալով չի վերջանար:

            Նոյն տեղը կը գտնենք ուրիշ մըն ալ, ուր լրագրողը կը ցուցաբերէ այլ երկփեղկում մը, որ ահաւասիկ. «Անցնող մէկ ամսեայ փորձը»:

            Աշխարհաբարը ամսեայ անունով անկախ բառ կամ հոլով չունի. ուրեմն՝ կարելի չէ անջատ գրել այս ձեւոյթը: Ան ենթադրուած է կապուած ըլլալ ուրիշ բառի մը, օրինակ՝ երկամսեայ, հնգամսեայ  եւ այլն, ճիշդ ամեայ-ին պէս, որ անկախ չէ,− այլ հարց թէ զայն աջատ գրողները կը վխտան. եթէ մէկը «Զարթօնք»-ն է, միւսը անպայման նոյնինքն «Ակօս»-ն է,− եւ պարտինք կցեալ գրել զայն՝ երկամեայ, հնգամեայ, այլեւ՝ երկամեակ, հնգամեակ:

            Ուրեմն կ’ակնկալուէր, որ «Ակօս» գրէր մէկամսեայ:

            Թերեւս մտածէք, որ նման բառ չկայ. ունինք միամսեայ:

            Իրաւունք ունիք. սակայն  գրողն ալ ունի ի՛ր իրաւունքները,  նոր բառ ստեղծելու իրաւո՛ւնքն է այդ. այս պարագային՝ մէկամսեայ, որ բոլորովին հաշտ է հայերէնի բառակազմական օրէնքներուն հետ, եւ ոչինչ կ’արգիլէ, որ  այսինչ գրողն ալ նախընտրէ մէկամսեայ ըսել՝ միամսեայ-ին փոխարէն:

            Եթէ այսպէս ըսողը հետեւորդներ ունեցաւ, ապա  կը հաստատուի այս նոր բառը,  եւ հինը կամաց-կամաց կ’անշքանայ, այլապէս այս նորը տէր-տիրական չունենալով՝ կը հիւծի ու ինք կ’անհետանայ հազար ու մէկ նորարարութիւններու պէս, որոնցմով լեցուն է հայերէնի պատմութիւնը:

            3. Եւ... երրորդ մը

            «Աշխարհի ցանկացած որեւէ պետութիւն» կը կարդանք նոյն տեղը:

            Սա իր կարգին բաւական ուշագրաւ օրինակ մըն է, ուր կուտակուած են  լեզուական տարբեր շերտեր: Ասոնց առաջինը ցանկացած դերբայն է, որ ռուսերէն է եւ արեւելահայերէնի ախտագին ազդեցութեամբ, դուք ըսէք՝ ներգործութեամբ, հասած է Պոլիս եւ  փութինեան  ամբարտաւանութեամբ գրաւած է  «Ակօս»-ի էջերը, ուր մեր սիրելի Էստուգեանի պաշտպանողական գիծերը  տեղի տուած ըլլալ կը թուին:

            Եւ ինք առաջինը չէ: Ասոր ալ համը հոս-հոն կը տեսնենք երբեմն:

            Սակայն ինչ որ զարմանալի է այս պարագային, ցանկացած-ի կողքին դրուած  որեւէ դերանունն է, քանի որ  ցանկացած՝ ճիշդ  որեւէ կը նշանակէ, ուրեմն՝ ցանկացած գրողը  ենթադրուած է  այլեւս  որեւէ չդնել անոր կից: Հոմանիշներու այս կուտակումն է, որ, կարելի է ըսել, աննախընթաց է. գոնէ ինքս առաջին անգամն է կը տեսնեմ:

            4. Կայ, սակայն, այս բոլորը գերազանցող լեզոուական ուրիշ անակնկալ մը, որ հետեւեալն է` նմանապէս Էստուգեանի խմբագրականին մէջ.

            «Դատախազներ ցանկացած նախադասութեան մէջ կրնան  որոշ բառերը մասնայատել

եւ այդ բառերը  պատրուակելով մեղադրանք շարադրել»:

            Այստեղ ուշադրութիւնս գրաւողը մասնայատել բառն է:

            Փորձեցէք գտնել զայն որեւէ բառարանի մէջ. ձեռնունայն պիտի մնաք:

            Ուրեմն փորձենք գուշակութեամբ մեկնաբանել զայն...

*      *

*

            Մեր բառարաններուն մէջ կը գտնենք մասնահատել-մասնատել  զոյգը՝ իբրեւ մասնիկներու վերածել, կտրատել, սակայն այստեղ  կիրարկուածը մասնայատել է՝ յ-ով, եւ բնաւ կապ չունի մասնահատել-ի կամ  կտրատել-ի հետ. Էստուգեան բառիս իբրեւ սկզբնաձեւ կամ հիմք նկատի առած է մասնայատուկ ածականը եւ կազմած է իր բառը՝ մասնայատել:

            Որ բոլորովին  նոր ու իւրայատուկ նշանակութիւն մը  կը զգենայ  այստեղ:

            Այս բառը մտածուած է իբրեւ «մասնայատուկ դարձնել» բան մը, մեկուսացնել զայն իր  նմաններէն, յատուկ վերաբերում մը ցուցաբերել անոր հանդէպ, վերարժեւորել զայն:

            Ահա այս նշանակութիւնն ալ ի մտի ունենալով պէտք է կարդալ վերի մէջբերումը, ուր գրողը  կ’ակնարկէ ինչ-որ «բառերու մասնայատումին», այսինքն՝  կարգ մը բառերու տրուած  յատուկ նշանակութեան ու բովանդակութեան, եթէ կ’ուզէք՝  իրենց բո՛ւն պարունակէն դուրս բերելով զանոնք ու նորովի մեկնաբանելով  անոնցմով կազմուած միտքը կամ նախադասութիւնը:

            Ըստ այսմ ալ կարելի է մասնայատել որեւէ հասկացութիւն:

            Ահա բառ մը,  «ստեղծագործութիւն մը» պիտի կոչեմ զայն, որ արժանի է յատուկ ուշադրութեան ու գուրգուրանքի եւ կը լրացնէ իմացական կարեւոր բաց մը:

            Մեզի կը մնայ շնորհաւորել հեղինակը՝ վաստակաշատ Բագրատ էստուեանը՝ հայոց լեզուի բառագանձին բերած  այս գեղեցիկ նպաստին  համար, եւ երկար կեանք ու առողջութիւն մաղթել իրեն: 

            Սարսուռով ու անձկութամբ կը կարդամ իր խիզախ խմբագրականները՝  ամէն անգամ ալ մտահոգուելով, թէ  ահա ուր որ է պիտի ձերբակալուի՝ երթալ-միանալու համար  լուսաւոր փաղանգին Քաւալաներու եւ Տեմիրթաշներու, որոնք կը հեծեն էրտողանեան բանտերու մութ ու խոնաւ նկուղներուն մէջ:

            Դուք կրնա՞ք   պատկերացնել  փոքրամասնական մը, որ նստած է Պոլսոյ պորտին վրայ ու բառացի կը  գրէ (Ակօս, թիւ 1406, խմբագրական).

            --«Թուրք ազգայնականութիւնը հիմնուած է ուրիշներու հանդէպ ատելութեան վրայ»:

            Այդ մէկը ի՛նքն է՝ Էստուգեանը:

            Մրցոյթ 129.

            ***Շեշտ եւ ստորակէտ աւելցուր հոն ուր պէտք է.

            ---Այդ ապակին կոտրած էր  կա՛մ  Թորոսը, կա՛մ  Մարկոսը,  կա՛մ  Կիրակոսը:

                Այդ  ապակին կոտրած էր   Թորոսը  կամ  Մարկոսը  կամ  Կիրակոսը:

            ***Կէտերը փոխարինէ առողջարար, առողջական, առողջապահական բառերով:

            ---Շրջանի առողջապահական  պայմանները շատ թերի են:

                 Բոլորը միահամուռ գովեցին տեղւոյն  առողջարար կլիման:

                 Տնօրէնը առողջական պաճառներով ստիպուեցաւ բացակայիլ:

            ***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.

            ---Մինչեւ ուշ գիշեր տակաւին յայտնի չէր, թէ փակումը մասնակի էր, թէ ամբողջական:

            ---Գերմանական ոստիկանութիւնը իսկոյն ձերբակալեց Թեհլիրեանը ու դատեց (զայն):

            ---Թրքագէտը չբացառեց փորձագէտներուն    (մէջ) շրջանառուող ծանօթ  տեսակէտը:

            Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Շաքէ Մանկասարեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (4), Ցոլակ Ապտալեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (10), Լեւոն Շառոյեան (8 ), Համբարձում Յարթունեան (7), Պերճ Տէր Սահակեան (6):

            Մրցոյթ 130.

            ***Վերաշարադասէ հետեւեալները՝ առանց որեւէ բառ փոխելու, աւելցնելու կամ պակսեցնելու.

            ---Պէտք է վերադասաւորել  դրամատուներուն համակարգը եւ Լիբանանի մէջ օտար նեդրումները քաջալերել («Ազդակ»):

            ---Ան կոչ ուղղեց հանրապետութեան  նախագահ մը ընտրելու, ինչպէս նաեւ  անոր հաստատութիւններուն զարթօնքը ապահովելու (անդ):

            ---Քաղաքական տարակարծութիւնը  պէտք չէ շեղէ մեր ուշադրութիւնը թշնամի ըլլալու  Իսրայէլի իրողութենէն (անդ):

            ***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.

            ---Չենք ուզեր որ մեր վրայ իրենց կամքը պարտադրեն:

            ---Սակայն  այսօր պետութիւնը առեւանգուած է Հզպալլայի, Ամալ շարժումի եւ անոնց մեղսակիցներուն  կողմէ:

 

 

Արմենակ Եղիայեան

 

armenag@gmail.com