Փենթակոնը Իրանի մէջ լրացուցիչ թիրախներու ցանկ մշակած է այն պարագային համար, եթէ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշէ վերսկսիլ գրոհները Իսլամական Հանրապետութեան դէմ։ Այս մասին կը հաղորդէ NBC հեռուստակայանը՝ յղում կատարելով ամերիկացի պաշտօնատարներու եւ ազգային անվտանգութեան փորձագէտներու տեղեկութիւններուն։
«Փենթակոնը լրացուցիչ թիրախներու ցանկ մշակած է այն պարագային համար, եթէ նախագահը (Թրամփը) որոշէ վերսկսիլ ռազմական գործողութիւնները (Իրանի դէմ)»,– կը նշուի հեռուստակայանի հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի վաղ Թրամփ յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները յաջող ընթացքի մէջ են։