image

Թեհրան հարուածներ հասցուցած է ամերիկեան օդուժի ռազմակայանին

Թեհրան հարուածներ հասցուցած է ամերիկեան օդուժի ռազմակայանին

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդը հարուածներ հասցուցած է ամերիկեան օդուժի ռազմակայանին՝ ի պատասխան Պանտար Ապպասի շրջանին մէջ ԱՄՆ-ի գործողութիւններուն։

Այս մասին կը հաղորդեն իրանական լրատուամիջոցները։

«Այսօր առաւօտեան ամերիկացի զինուորականներուն կողմէ Պանտար Ապպասի օդակայանին մօտ գտնուող կառոյցի ուղղութեամբ օդային արկերու կիրառմամբ իրականացուած յարձակումէն ետք, ամերիկեան օդուժի ռազմակայանը յարձակման ենթարկուած է»,– Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի յայտարարութիւնը մէջբերած է իրանական պետական IRIB հեռուստաընկերութիւնը։

Tasnim լրատուական գործակալութիւնը, իր կարգին, նշած է, որ հարուածները հասցուած են առաւօտեան ժամը 04:50-ին։