Մեծարգոյ խմբագրութիւն
«Արարատ» օրաթերթի,
Ընթացիկ թիւիդ գեղարուեստական էջի ընթերցումը՝ 24/6/23, էջ 3, եղաւ վայելք մը, որուն համար կը յայտնեմ երախտագիտութիւնս, սակայն ան միաժամանակ եղաւ լեզուական յուսախաբութիւն մը, որ կարելի էր ընթերցողին խնայել որոշ ճիգով մը:
Կը խնդրեմ, որ ուշադիր ըլլաք այդպիսիներուն, որ կը մէջբերեմ ստորեւ:
Մանաւանդ համոզուած եմ, որ կրնաք:
--«Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է» (Եղիչէ պատմիչ):
Ինչպէս որ բութ մը դրուած է երկրորդ իմացեալ-ին վրայ, այնպէս ալ պէտք է դրուէր առաջինին վրայ՝ «Մահ ոչ իմացեալ՝ մահ է, մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է»:
Միւս կողմէ՝ գրեէթէ ամէն ոք սխալ կը գրէ այս ասոյթին ոչ իմացեալ հատուածը, որ պէտք է ըլլայ ոչ-իմացեալ՝ միութեան գծիկով:
--«Իտալացի Վերածնունդի գեղանկարիչ, քանդակագործ Միքելանճելո»:
«Իտալացի Վերածնունդ» մը գոյութիւն չէ ունեցած. գոյութիւն ունեցած է «Իտալական վերածնունդ» մը, ինչպէս նաեւ «Վերածնունդի իտալացի գեղանկարիչ» մը:
--«Միքելանճելոյի վրայ մեծ ազդեցութիւն գործեցին դասական Յունաստանի եւ Հռոմի արուեստը»:
Արուեստ ենթական եզակի է, համապատասխան ստորոգիչը՝ գործեցին, յոգնակի:
Այսպէս չ’ըլլար. պէտք է ըսել՝ կա՛մ արուեստը գործեց, կա՛մ՝ արուեստները գործեցին:
--Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան «Մուրատեան վարժարանի մէջ կատարելագործած է իր ուսումը»:
Մուրատեանը երկրորդական համեստ վարժարան մըն էր, իսկ Պէշիկթաշլեանի ստացածը՝ երկրորդական համեստ ուսում մը, որ տեւեց մինչեւ իր 17 տարեկանը. «կատարելագործում»-ը քիչ մը մեծխօսիկ ու անտեղի կը հնչէ:
--Պեշիկթաշլեան « Առաջին հայկական թատրոնի հիմնադիրներէն մէկն էր»:
Բնութեան մէջ չկայ, չէ եղած կառոյց մը, որ կոչուի «առաջին հայկական թատրոն»:
Ան «Հայկական թատրոնի առաջին հիմնադիրներէն մէկն էր»:
--Իր «Եղբայր Եմք Մենք» քերթուածին...
Այս քերթուածին խորագիրը՝ «Եղբայր եմք մենք» կամ այլուր «Եղբայր ենք մենք» միշտ ալ սխալ արձանագրուած է. քերթուածին 7-րդ տողին մէջ կը կարդանք՝ «Տու՛ր ինձ քո ձեռք, եղբայր եմք մեք». ճիշդը՝ այս վերջինն է:
Միւս կողմէ՝ ինչո՞ւ գլխագրուած են Եմք եւ Մենք: Քերթուածէ տող մէջբերելու այս զազրելի սովորութենէն ե՞րբ պիտի հրաժարինք եւ պարզ ու մեկին գրենք՝
«Եղբայր ենք մենք»
«Եղբայր եմք մեք»
Այսինքն՝ գլխագրելով միայն առաջին բառը:
--«Բաղդին ամէն ոխ չարանենգ»...
Բաղդ անունով բառ չունի հայերէնը. ունի բախտ:
Պեշիկթաշլեան լեզուաբան չէր, կրնայ սխալած ըլլալ, սակայն այդ սխալը հետագային նուիրագործելու առաքելութիւնը պէտք չէ յանձն առնել եւ զինք սխալագրութեան օրինակ դարձնել հետագայ սերունդներուն:
--«Սրտին խորունկ վէրքն դաժան
Քաղցր արտասուած բուժին ցողով»:
Պէտք է ըլլայ՝ «Քաղցր արտասուաց բուժին ցօղով»:
Որ կը նշանակէ՝
«Սրտին խորունկ ու դաժան վէրքերը
Քաղցր արտասուքներու ցօղով բուժուին»:
Մինչ «արտասուած ցողով»-ը բան մըն ալ չի նշանակեր, հայերէն ալ չէ:
--«Խառնենք զարտոսր եւ զխնդում»
Պէտք է ըլլայ՝ զարտօսր՝ օ-ով, որ կը նշանակէ արտասուք, արցունք:
--«Քսաներորդ դարու Լիբանանի ամենափայլուն զաւակներէն մէկը»
Կ’ակնարկուի բանաստեղծ Միխայիլ Նայիմիի:
Պէտք է ըլլայ «Լիբանանի՝ քսաներորդ դարու ամենափայլուն զաւակներէն մէկը»:
--«Երեք արարնոց թատրերգութիւն»
Մինչեւ ե՞րբ պիտի կրենք այս թատրերգութիւն կոչուած անդէմ ու անդիմագիծ անէծքը, որով կը բնորոշենք զանազան հասկացութիւններ: Եւ պարզ ու մեկին չըսենք՝
ա. թատերախաղ՝ գրական աշխատութեան համար,
բ. թատերգութիւն՝ գրական այդ արուեստը բնորոշելու համար:
--«Միրտատի երկխօսութիւնները կու տան ուսուցում, որ մեզի ցոյց կու տան, թէ ինչպէս կարելի է վերափոխել մեր գիտակցութիւնը...»:
Շատ խախուտ կառոյց մըն է. յստակ չէ բոլորովին, թէ ո՛վ կամ ի՛նչն է ցոյց տուողը:
ա. Եթէ ուսուցումն է ցոյց տուողը, ապա պարտէինք եզակի դնել բայը՝ ցոյց կու տայ:
բ. Իսկ եթէ ցոյց տուողը երկխօսութիւնները-ն են,−ինչ որ չեմ կարծեր,− ապա պարտէինք տարբեր շարադրել՝ «Միրտատի երկխօսութիւնները կ’ուսուցեն, թէ ինչպէս կարելի է վերափոխել մեր գիտակցութիւնը...»:
Մէկը ա՛ռ՝ միւսին զարկ, երկուքն ալ ապաշնորհ կառոյցներ են:
Բնագիրն ալ՝ վրադիր այս բոլորին. պախշիշ:
Պիտի բաշխիշ ճիշդ ձեւը գրէի, բայց խուսափեցայ հաւանական գայթակղութենէ:
--«Միքելանճելոյի վրայ մեծ ազդեցութիւն գործեցին դասական Յունասատանի եւ Հռոմի արուեստը»:
Այստեղ եւս ունինք անհամաձայնութիւն բայական եւ ենթակայական թիւերու. արուեստը ենթական եզակի է, գործեցին ստորոգիչը՝ յոգնակի: Այս սխալին աղբիւրը արուեստը յատկացեալին զոյգ յատկացուցիչներն են՝ Յունաստանի եւ Հռոմի: Սակայն ճիշդ մտածում չէ այս: Բային թիւը կ’որոշուի ըստ ենթակայի թիւին:
Այլ հարց, թէ նախադասութիւնը սխալ յղացուած է. պարտէինք ըսել՝ «Յունաստանի եւ Հռոմի արուեստները», քանի որ Յունատանն ու Հռոմը նոյն արուեստը չունէին. առկայ էին երկու տարբեր արոեստներ: Եթէ ճիշդ կիրարկուէր «արուեստները», սխալը կը չքանար:
Մրցոյթ125.
***Վերաշարադասէ հետեւեալները.
---Երկրի բարգաւաճումը կը սկսի նախագահի ընտրութեամբ եւ պաշտպանելով զայն յաւելեալ փտածութենէ:
---Ակնդէտ կը սպասուի այցելութիւնը պատուիրակին, որուն առաքելութիւնը կը վերաբերի նախագահական ընտրութեան:
***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Մեր կարելին պիտի ընենք, որ հայերը ապրին առանց պատերազմի, վտանգի ու բռնութեան:
---Նաւային արկած մը հարիւր զոհ պատճառած է Նիկերիոյ հիւսիսը:
---ԱՄՆ պիտի պահէ իր զինուորակաան գերակայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Համբարձում Յարթունեան (9), Ցոլակ Ապտալեան(4), Եփրեմ Թոքճեան (8), Գեղամ Խաչատրեան(4), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (4), Լեւոն Շառոյեան (8), Գէորգ Եազըճեան (4)
Մրցոյթ 126.
***Ո՞րն է ճիշդ կէտադրուածը. ընդգծէ՛.
---Ո՞վ է ասոնք հնարողը: Լուսնէ՞ն ինկած է:
Ո՞վ է ասոնք հնարողը, լուսնէ՞ն ինկած է:
Ո՞վ է ասոնք հնարողը. լուսնէ՞ն ինկած է:
---Հարցերը լուծեց. պարտքը վճարեց , եւ միտքը հանգստացաւ:
Հարցերը լուծեց: Պարտքը վճարեց, եւ միտքը հանցստացաւ:
Հարցերը լուծեց, պարտքը վճարեց, եւ միտքը հանգստացաւ:
***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Հիմնադրամի գանձին մէջ մնացած էր 68.000 դոլարի սահմանով գումար մը։
---Անոնց հեռացումին արդիւնքով անհնար եղաւ երկրորդ ընտրութեան մը հնարաւաորութիւնը:
---Այս յաղթանակով թուրք ընկերութիւնը բեւեռացուած ընկերութեան մը կը վերածուէր:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան