1.Մի՛ ըսէք՝ օրուընէ,
այլ ըսէք օր-օրուան-օրէ-օրով:
Մի՛ ըսէք մահուընէ,
այլ ըսէք՝ մահ-մահուան-մահէ-մահով:
2. Լեզուական թնճուկ մը
Միասնաբար կարդանք Թումանեանին վերագրուող հետեւեալ տողը՝ սփիւռքահայ թերթի մը մէջ.
«Ա՞ստղ ես ուզում,
−Մենք երկնքից վեր կը բերենք քեզ համար...» (ՅԹ, Փարվանա):
Ահա այսպէս կը խոստանայ թագաւորը իր սիրասուն աղջկան:
Բայց ի՞նչ կը նշանակէ աստղը «երկինքէն վեր բերել»:
Ինչպէ՞ս կարելի է «երկինքէն վեր բերել» բան մը:
Այս բոլորը կը թուին բառային անհեթեթութիւն մը, եթէ յանկարծ չմտածենք, որ մեր բոլորիս սիրելի Թումանեանի զուլալ մտածողութիւնը չէր կրնար անհեթեթութիւն դուրս տալ. նման բան տեսնուած չէ: Հապա ի՞նչ է այս մէկը...
Թումանեան օրին, երբ տակաւին աբեղեանական ուղղագրութիւնը չէր հաստատուած, գրած ու հրատարակած է ուրիշ բան, որ հետեւեալն է.
«Մենք երկնքից վէր կը բերենք քեզ համար»:
Իսկ այս «վէր»-ը ընդհանրապէս ծանօթ է հայ ընթերցողին. ան բարբառային հնչիւնափոխ ձեւն է «վայր» բառին, ճիշդ ինչպէս ունեցած ենք՝ սայլ-սէլ, ծայր-ծէր, հայր-հէր, մայր-մէր, եղբայր-աղբէր, գայլ-գէլ եւ այլն, որոնց բոլորին մէջ գործած է այ > է ծանօթ հնչիւնափոխութիւնը:
Այնքան ատեն որ գործած է մեսրոպեան ուղղագրութիւնը, ոչ ոք դժուարութիւն ունեցած է այսպիսները ըմբռնելու: Բայց ահա աբեղեանական ուղղագրութիւնը եկաւ բառամէջի «է»-երը
ջնջելու ու զանոնք փոխարինելու ե-ով. սէր-սեր, պարտէզ-պարտեզ, հէր-հեր... եւ այլն:
Վէր-ն ալ դարձաւ վեր ու նոյնացաւ իր հականիշին հետ՝ մեսրոպեան վեր-ով:
Եւ երկուքը խառնուեցան իրարու՝ անճանաչելի դարձնելով ինչ որ կը գտնուի բո՛ւն վեր-ը՝ երկինքի մէջ, ու կը գտնուի վա՛ր-ը՝ երկրի վրայ, ճիշդ ինչպէս խառնուած ու անճանաչելի են բուն սէր-ը, որ դառնալով սեր՝ նոյնացած է կաթին երեսի ճարպային նիւթով:
Եւ վերջապէս, մեր արեւմտահայ հրատարակիչը, որ այնքան ալ չի տիրապետեր հայերէնին,− կարելի է ըսել՝ ստիպուած ալ չէ,− արեւելահայ բնագիրը մէջբերած է նոյնութեամբ, որ է՝ «երկնքից վեր կը բերենք»:
3. Հայրենի լրատուական աղբիւները եւ հայերէնը
Հայաստանի մէջ, ինչպէս ամէն քաղաքացի, այնպէս ալ ամէն լրատուամիջոց տենդագին լծուած է իւրովսանն կործանելու այն քիչ մը հայերէնը, որ տակաւին կը մնայ Արագածի փէշերուն:
Կրնա՞ք պատկերացնել, որ հանրածանօթ «Առաջին լրատուական»-ը սփիւռքահայ շնորհալի լրագրողին անունը գրէ Տիգրան Եկավիան, այո, սխալ չէք տեսներ՝ Եկավիան:
Այս մարդիկ լուսնի վրա՞յ կ’ապրին ու ըստ այնմ ալ չեն գիտեր, թէ գործ ունին անունով-մականունով զտարիւն հայու հետ, այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այս այլանդակութիւնը:
Այս կայանը չի գիտեր նաեւ, որ գոյութիւն ունի որ շաղկապ մը, եւ փոխարէնը կը կիրարկէ մի՛միայն... որպէսզի:
Ստորեւ նմուշներ՝
--- Հայաստանի համար առանցքային է, որպէսզի այդ դիմակայությունը չստանայ ռազմական բնոյթ:
--- Ինչ խօսք, խիստ ցանկալի կը լինէր, որպէսզի չլինի նաև քաղաքական բնոյթի դիմակայութիւն...
---Հետևաբար, շատ կարևոր է, որպէսզի այսօր հնչող արտահայտութիւնները լինեն առաւել առարկայական...
--- Թոյլ չտալով, որպէսզի նա նենգափոխի Արցախի ինքնորոշման խնդիրը:
--- Միւս կողմից կարևոր է, որպէսզի դրանք չհատեն սահմանը:
---Շատ կարևոր է, որպէսզի Հայաստանում լինեն այլ մօտեցումների կրողներ:
Հայերէն չէ այս, ռուսերէն է. ռուսական զազրելի մտածողութիւնն է, որ «որ» շաղկապի փոխարէն կը կիրարկէ «որպէսզի»: Իսկ արեւելահայ այլասերած մտածողութիւնը համատարած կառչած է այս ոճին: Ամէն տեղ ներկայ է ան՝ աղարտելով ու յօշոտելով հայերէնը:
Որպէսզի-ին հանդէպ հիւանդագին մոլութիւն մը ունի կայանին հիմնադիրը ինքը՝ Արման Բաբաջանեանը, որ չ’անդրադառնար, թէ որքան ծիծաղելի կը հնչեն իր ազգային-քաղաքական մեծախօսիկ տեսութիւնները, երբ զանոնք ամէն քայլի «կը համեմէ» այս զզուելի որպէսզի-ներու հիւանդագին շարանով, որ այնքան անփութօրէն դուրս կու տայ մախաղէն:
4. Սփիւռքահայ թերթի մը մէջ կը կարդանք.
--Արցախի մէջ 30.000 երախաներ կ’ապրին զրկուած[1]:
Այս ալ կը նշանակէ, որ Արցախի բնակչութեան ճիշդ քառորդը ... չէ մկրտուած:
Երախայ է... հեթանոս է...ընդհուպ...կռապաշտ է: Հապա՞՞՞
* * *
Անյիշելի ժամանակներէ ունեցած ենք երախայ եւ երեխայ բառերը, որոնք հաւասարապէս նշանակած են մանուկ: Այսսպէս էր, քանի ա եւ ե հնչիւնները յաճախ լծակից եղած են, այսինքն՝ փոխարինած են զիրար. օրինակ՝ Արաքս ու Երասխ, առասան ու երասան, արագ ու երագ , աղտիւր ու եղտիւր: Այսպէս ան շարունակած է իր երթը մինչեւ մեր քրիստոնէացումը, որմէ ետք այս երկուքը հետզհետէ ունեցած են որոշ բեւեռացում մը, որ հետագային շեշտուած է յատկապէս արեւմտահայերէնի մէջ.
--Ուր երախայ ձեւը յատկացուած է չմկրտուածներուն՝ առանց տարիքային խտիրի:
--Իսկ երեխայ ձեւը վերապահուած է իբրեւ հոմանիշ մանուկ-ի:
Այս այսպէս ըլլալով, կարելի է դիւրաւ ենթադրել, որ յօդուածագիրը ըսել կ’ուզէ «30.000 երեխայ», այսինքն՝ մանուկ, որ կ’ընէ Արցախի մանուկներու ամբողջութիւնը:
Անշուշտ բացառուած չէ, որ անոնց մէջ գտնուին նաեւ իսկական երախաներ, այսինքն՝ չմկրտուածներ, ինչպէս ամէն ընկերութեան պարագան է, իսկ թէ ակնարկութիւնը կ’երթայ մանուկներու՝ ընդհանուր առմամբ, բացայայտ է:
Մաղթենք, որ յօդուածագիրը կարդայ այս գրութիւնը ու սորվի երախայ բառը:
Մրցոյթ 124.
***Մէկ նախադասութեամբ ըսէ իւրաքանչիւր զոյգը.
---Արան կաքաւ մը եւ արտոյտ մը որսաց:
---Արան կաքաւ մը, իսկ Շահէն արտոյտ մը որսաց (ին):
---Արան եւ Շահէն մէկական կաքաւ որսացին
***Վերաշարադրէ հետեւեալները.
---Արցախի ինքնիշխան շրջանները կը գտնուին ատրպեյճանական աքցանին մէջ:
---Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը դանդաղ կ’ընթանայ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (6), Գէորգ Եազըճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Լեւոն Շառոյեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (8), Վահէ Աբէլեան (4):
***Վերաշարադասէ հետեւեալները.
---Երկրի բարգաւաճումը կը սկսի նախագահի ընտրութեամբ եւ զայն յաւելեալ փտածութենէ պաշտպանելով:
---Ակնդէտ կը սպասուի այցելութիւնը պատուիրակին, որուն առաքելութիւնը նախագահական ընտրութեան կը վերաբերի:
***Վերաշարադրէ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.
---Մեր կարելին պիտի ընենք, որ հայերը ապրին առանց պատերազմի, վտանգներու եւ բռնութեանց:
---Նաւային արկած մը հարիւր զոհ պատճառած է Նիկերիոյ հիւսիսային կողմը:
---ԱՄՆ պիտի պահէ իր զինուորակաան գերակայութիւնը Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ:
Արմենակ Եղիայեան