Մանրուքներ
1. Մեր լրագրերէն մէկը, որ արտատպում կատարած է «Մարմարա» թերթէն, յօդուածի աւարտին, տակը, աջ ծայրին գրած է՝ ՄԱՐՄԱՐԱ-յէն յապաւումներով:
Նախ եւ առաջ պէտք չէ գլխագրել:
Եւ ապա պարտինք գրել՝ «Մարմարա»-էն: Եւ դնել զայն ձախ ծայրը, նոր տողի մակարդակին: Նաեւ՝ «Մարմարա»-ին, «Մարմարա»-ով:
Ենթադրենք, որ կ’ակնարկենք Մարմարա ծովուն: Այդ պարագային պարտինք պարզապէս գրել՝ Մարմարայի(ն), Մարմարայէ(ն), Մարմարայով:
Այլ օրինակ մը.
-- «Օթէլլո»-էն հատուած մը կարդացինք: «Օթելլո»-ի երրորդ արարը:
Այստեղ ակնարկուած է թատերախաղին:
-- Օթելլոյի տիպարը առինքնող է: Օթելլոյի վերջին մենախօսութիւնը:
Այստեղ ակնարկուած է Օթելլո կերպարին, հերոսին:
2. Հիմա նուիրականացած է ու ամէն արեւմտահայ կը գրէ՝
--15-էն 24 կամ 15էն 24
--15-էն մինչեւ 24 կամ 15էն մինչեւ 24
Չորսն ալ սխալ ու մերժելի են ու մանաւանդ... անճաշակ:
Այո, այստեղ կայ ճաշակի խոր բացակայութիւն մը, որուն միայն գրողները իրենք չեն անդրադառնար, իսկ ընթերցողը... բայց ընթերցողը յանցանք չունի. ան կը նմանի բրուտի կաւին, որ կը ձեւաւորուի իր կարդացած թերթով, որ իր այդ առաքելութեան գիտակցութիւնը չունի սակայն. ան միայն գիտէ, որ պէտք է կա՛մ հայհոյել Փաշինեանին, կա՛մ փառաբանել զայն,− մեր լրագրողներուն խելքը ասկէ անդին չ’անցնիր:
Կայ ասոնք գրելու երկու պարագայ.
ա) 10-15 օր
Այս գրութիւնը կը կարդացուի «տասը-տասնհինգ օր» կամ «տասէն-տասնհինգ օր», եւ ցոյց կու տայ տասներորդ օրէն մինչեւ տասնհինգերորդը երկարող միջոցի օրերէն մի՛այն մէկը. օրինակ՝ «Տասը-տասնհինգ օր մը պիտի մնանք այս պանդոկը», − որ կը նշանակէ կա՛մ տասը , կա՛մ տասնմէկ, կա՛մ տասներկու, կա՛մ տասներեք, կա՛մ տասնչորս, կա՛մ տասնհինգ օր. ասոնցմէ մէ՛կը, որ այս պարագային անորոշ է:
Ուրեմն եզերային թիւերը կցեցինք միութեան գծիկով, որ կարճ է:
բ) 10−15
Այս գրութիւնը կը կարդացուի «տասէն մինչեւ տասնհինգ» եւ կ’ընդգրկէ առաջին թիւէն մինչեւ եկրորդը երկարող ամբողջ միջոցը. նայած թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզենք. օրինակ՝
-- 10−15 տարեկանը
-- 10−15 օրերը
Առաջինը կ’ընդգրկէ որեւէ անհատի տասէն մինչեւ տասնհինգերորդ տարին երկարող ժամանակամիջոցը՝ հինգ տարի:
Երկրորդը կ’ընդգրկէ որեւէ դէպքի, պատահարի տասներրդ օրէն մինչեւ տասնհինգերորդ օրը երկարող ժամանակամիջոցը՝ հինգ տարի:
Թիւերուն կրնայ ընկերնալ օրանուն կամ ամսանուն կամ որեւէ այլ անուն. օրինակ՝
-- 5 մայիս−12 մայիս
մայիս 5−մայիս 12
Առաջինը կը կադացուի հինգ մայիսէն մինչեւ տասներկու մայիս:
Երկրորդը՝ մայիս հինգէն մինչեւ մայիս տասներկու:
Կրնայ պատահիլ որ նոյն օրանունը կամ ամսանունը թիւ չկրէ. օրինակ
-- յառաջիկայ երեքշաբթի−շաբաթ օրը
Որ կը կարդացուի՝ երեքշաբթիէն մինչեւ շաբաթ օրը:
Այսպիսիներուն վրայ յաճախ կ’աւելցնենք ներառեալ բառը. օրինակ՝
-- յառաջիկայ չորեքշաբթի−կիրակի օրը ներառեալ
Կրնայ պատահիլ, որ պէտք ըլլայ ճշգրտել առաջին անունը եւս. օրինակ՝
-- յառաջիկայ չորեքշաբթի ժամը 10−կիրարկի ժամը 18
* * *
Այս բոլորը կը միտին ջնջելու եզերային բառերերէն կամ թիւերէն առաջինին բացառականի «էն» մասնիկը եւ մինչեւ բառը. բաղդատել՝
-- մայիս 5-էն մինչեւ 10
մայիս 5−10
-- երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ
երկուշաբթի−շաբաթ
Ուրեմն այս խնայողութիւնն ու վայելչութինը կը պարտինք անջատման գիծին՝ − որ կրկնապատիկն է միութեան գծիկին, որ իր կարգին տեղ-տեղ կիրարկեցինք:
Մեր գրողները բոլորովին կամայականօրէն ջնջած են անջատման գիծի այս կիրարկութիւնը: Ո՞վ կամ ի՞նչը իրենց կու տայ այդ իրաւասութիւնը,− չենք գիտեր, սակայն այս է տխուր իրականութիւնը: Ան կը գոյատեւէ մեզի ծանօթ քանի մը թերթերու մէջ միայն՝ «Հորիզոն գրական»-ի, «Լուսաբաց»-ի, «Նոր Յառաջ»-ի եւ «Հայ կեանք»-ի:
Կիրարկում
ա) Թորոսը 5-10 օր պիտի բացակայի:
Ուրեմն անոր բացակայութիւնը կրնայ տեւել 5, 6, 7, 8, 9 կամ 10 օր. այս վեցէն մէ՛կը:
Արտասանել կամ գրել ՝ հինգ-տասը, եւ ուշադրութիւն դարձնել միութեան գծիկին:
բ) Մարկոսը մայիսի 5−10 պիտի բացակայի:
Ուրեմն անոր բացակայութիւնը պիտի սկսի մայիսի 5-ին ու աւարտի մայիսի 10-ին:
Արտասանել կամ գրել՝ հինգէն մինչեւ տասը պիտի բացակայի. ուշադրութիւն անջատման գիծին:
գ)Համաշխարհային Բ. պատերազմը տեւեց 1939−1945, այսինքն՝ 39-էն մինչեւ 45:
3. Տառ եւ թիւ խառն գրութիւններ
Ցաւալի է նկատել, որ տակաւին կը վխտան մեծաթիւ գրողներ, որոնք խառն բառերու հայեցի գրութիւնը չեն յարգեր, չեն գիտեր ու մանաւանդ չեն սորվիր, սորվելու ալ երես չունին: Երդուեալ յառաջապահներէն թուենք «Մարմարա»-ն, «Ասպարէզ»-ը, խառնակ ու անմիօրինակ կը գրեն «Ակօս»-ը, «Զարթօնք»-ը, «Պայքար»-ը եւ այլն:
Մերժելի, խորթ եւ ոչ-հայեցի ձեւեր՝ 5ին, 8րդ, 10ամեակ, 4 4օրեայ , 50ՕՐԵԱՅ...
Ասոնց հայեցի ու վայելուչ ձեւերն են՝ 5-ին, 8-րդ, 10-ամեակ, 44-օրեայ , 50-ՕՐԵԱՅ...
Մրցոյթ 117.
***Օգոստոսին քնացողը յունուարին՝
--կը պարարտանայ --կը հաճոյանայ
--կը զղջայ --կը ձանձրանայ
***Վերաշարադասէ հետեւեալը. ոչ մէկ բառ պիտի փոխուի՝ աւելնայ կամ պակսի:
---Նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց քննարկելու պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը, որ կը ծառայէ հայրենիքի շահերուն եւ կը վերացնէ բոլորին մտավախութիւնները:
***Հետեւեալ չորսէն ո՛ր մէկը պիտի թելադրէիր ընթերցողին.
--Մեր մեղքերուն պատճառով այս եղելութիւնները տեղի կ’ունենան:
--Մեր մեղքերուն պատճառով տեղի կ’ունենան այս եղելութիւնները:
--Այս եղելութիւնները մեր մեղքերուն պատճառով տեղի կ’ունենան:
--Այս եղելութիւնները տեղի կ’ունենան մեր մեղքերուն պատճառով:
***Վերաշարադրէ հետեւեալները.
---Զինադադար կը հաստատեն քաղաքայիններուն անվտանգ (անցումի) միջանցքներ բանալու համար:
---Այս այցելութիւնը իր դրական հետքը պիտի ձգէ շրջանի եւ արաբական երկիրներու յարաբերութեան մէջ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (7), Համբարձում Յարթունեան (9), Գեղամ Խաչատրեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան(6) Պերճ Տէր Սահակեան(5), Եփրեմ Թոքճեան (6):
Մրցոյթ 118.
***Փորձէ՛ բարելաւել հետեւեալներուն շարադասութիւնը.
---Եթէ թեկնածուն տկար է, կարելի է անոր զօրակցող խմբակ մը յառաջացնել:
---Այսօր Ամմանի մէջ պիտի գումարուի Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ ժողով մը:
***Վերաշարադրէ հետւեալները.
---Ուքրանական պատերազմի արդիւնքը պիտի որոշուի այս հակայարձակումի արդիւնքին հիման վրայ:
****Հետեւեալին մէջ կը գտնուի սխալ կիրարկուած բառ մը. ընդգծէ՛ զայն.
---Ան կը յատպանշուի իր շրջապատին բերած անվարան, անհաշիւ ու այլազան օգնութիւններով:
***Ընդգծէ՛ աւելորդ բառը.
---Կոչ կ’ուղղեմ շարունակելու խաղաղութեան վերականգնման ուղղութեամբ ջանքերը:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com