1. Եզակի՞, թէ՞ յոգնակի
Մեր վերջին Մրցոյթ-ի հարցումներէն առաջինը հետեւեալն էր՝
---Ցուցափեղկը կը յորդէր թարմ, ակնահաճոյ ու ախորժաբեր երշիկ-ով:
---Ցուցափեղկը կը յորդէր տեղական, ֆրանսական ու իտալական պանիրներ-ով:
Ի՞նչ տրամաբանութեամբ ընտրել տուեալ գոյականին թիւը:
* * *
Բերուած օրինակները, որոնք շատ ընդհանրացած են, կը յատկանշուին անով, որ նոյն գոյականը կը կրէ մէկէ աւելի որոշիչներ.
---երշիկ-ը՝ թարմ, ակնահաճոյ, ախորժաբեր...
---պանիր-ը՝ տեղական, ֆրանսական, իտալական...
Նման պարագաներու թիւի ընտրութեան տրամաբանութիւնը հետեւեալն է.
---նոյն երշիկը (կամ որեւէ այլ ուտեստ) կրնայ միաժամանակ ըլլալ թէ՛ թարմ, թէ՛ ակնահաճոյ, թէ՛ ախորժաբեր. ոչ մէկ արգելք կայ: Ուրեմն այս պարագային պէտք չունիմ յոգնակի կիրարկելու որոշեալ գոյականը՝ երշիկ:
---նոյն պանիրը (կամ որեւէ այլ ուտեստ) չի կրնար միաժամանակ թէ՛ տեղական, թէ՛ ֆրանսական, թէ՛ իտալական ըլլալ, ուրեմն կ’ակնարկուի տարբեր պանիրներու. հետեւաբար պարտաւոր ենք յոգնակի կիրարկել որոշեալ գոյականը՝ պանիրներ:
Այս օրինակին մէկ նմանակը.
---Թորոսին, Մարկոսին եւ Կիրակոսին յաճախած դպրոցը...
Ուր անոնք կը յաճախեն նոյն դպրոցը:
---Թորոսին, Մարկոսին եւ Կիրակոսին յաճախած դպրոցները...
Ուր անոնք կը յաճախեն տարբեր դպրոցներ:
2. Անալի սանդուխք
Արեւմտահայերէնի մէջ կիրարկուած է, կ’ենթադրեմ, ընդամէնը մէ՛կ անգամ, «անալի սանդուխք» բառակապակցութիւնը. հեղինակն է Պետրոս Դուրեանը.
«Այլ ոհ ի՞նչ կ’ըսեմ, շանթահարէ՛ զիս,
Աստուա՛ծ, խոկն հսկայ փշրէ՛ հիւլէիս,
Որ ժպրհի ձգտիլ սուզիլ խորն երկնի,
Ելնել աստղերու սանդուխքն անալի...» (Տրտունջ):
Ճիշդ ի՞նչ ըսել է անալի, ուրեմն՝ «սանդուխք անալի»:
Արեւմտահայ բառարանագիրներէն ոչ մէկը անդրաարձած է այս բառին:
Կը գտնենք՝ անալի=անլի=աղազուրկ կամ աղը պակաս նշանակութեամբ, որ կապ չունի մեր քննութեան հետ:
Արեւելահայերէն անոր անդրադարձած է մի՛այն Ակադեմիայի քառահատոր բացատրականը. «անալի=աստիճան չունեցող, անելանելի», եւ կը բերէ Դուրեանի տողը:
Օրին Յակոբ Օշական եւս անդրադարձած է անոր.
«Աստղերու անալի սանդուխքը: Դուրեանը սրբագրող վարժապետ՝ Սիմոն Ֆէլէկեան հայկաբանը, անալի-ն վերածած էր ահալի-ի՝ սպաննելով շքեղ պատկերը բանաստեղծին երեւակայութեան: Թէեւ քիչ մը դժուար, բայց ո՛չ անկարելի է հետեւիլ Դուրեանի մտքի թռիչքին՝ աստղակառոյց սանդուխին, որ երկինքն է իր գլխուն վերեւ, ուր միջոցին խաղաղութիւնը, անալի վիճակը, թերեւս կու գան աստուածային ներդաշնակութեան հսկայ ճնշումէն այդ ամէնուն վրայ»: Օշական գրաբանութիւն չ’ըներ, այլ... ինքնահաճ հեքիաթ կը պատմէ:
Որքան կարելի է մեկնաբանել անոր ըսածը, ապա ենթադրելի է, որ իրեն համար անալի-ն «ալիքէ զերծ»-ն է՝ որով կը յառաջանայ միջոցին վայելած համատարած խաղաղութիւնը: Ինչ որ չի համոզեր այստեղ՝ «աստղակառոյց սանդուխ» անհեթեթ բառակապակցութիւնն է: Դուրեանի «աստղերու սանդուխք» բառակապակցութիւնը կը նշանակէ «աստղերուն առաջնորդող սանդուխք» եւ ոչ թէ «աստղերէ կառուցուած սանդուխք»:
Միւս կողմէ՝ Դուրեանի տողերուն մէջ չկայ ոչ մէկ բառ, ոչ մէկ ասոյթ, որ դրական պատկերացումը ըլլայ «աստղերու, միջոցի խաղաղութեան եւ աստուածային ներդաշնակութեան»: Հակառակը աւելի ճիշդ է. աստղերը կոչուած են «անէծք ողբագին», իսկ այդ բոլորին արարաիչը կոչած է «շանթերու արմատ»: Ի՞նչ սրտով, ի՞նչ ակնկալութեամբ հիւանդ պատանին պիտի երթար դիմաւորելու այդ բոլորը, նոյնիսկ եթէ հոն տանող սանդուխտը անալի(ք)՝ խաղաղ ըլլար: Եթէ... էր անշուշտ:
Հայր Մեսրոպ Ճանաշեան եւ անոր բառացի հետեւողութեամբ՝ Մուշեղ Իշխան իր կարգին, փորձած է մեկնաբանել Դուրեանի բառը՝ զարնելով հատ մը գամին, հատ մըն ալ պայտին եւ փորձելով ի մի ձուլել Օշականի եւ Ակադեմիայի մեկնութիւնները. «անալի=անալիք, հոս՝ անելանելի, ալիք եւ աստիճան չունեցող»:
* * *
Ի վերայ այսր ամենայնի պէտք է ընդունիլ, որ դիւրին հատուած մը չէ բերուածը:
Դուրեան կիրարկած է ժպրհիլ բայը, որ համարձակելու, յանդգնելու գերագոյն աստիճանը ցոյց կու տայ. այլ խօսքով՝ անոր համար աստղերու սանդուխքը ելլելը համազօր է գերագոյն յանդգնութեան. արդ, այսպէս մտածողը պիտի չդառնար ու անմիջապէս չյիշատակէր այդ աստղերուն տանող սանդուխին «անալի»-ութիւնը, այսինքն՝ խաղաղութիւնը, եւ շուրջը տիրող միջավայրին «աստուածային ներդաշնակութիւնը»,-- ինչպէս կը համարի Օշական, բաներ, որոնք շատ աւելի դիւրին ու հեզասահ նախաձեռնութեան մը գրաւականն են, քան թէ բանաստեղծին յանձն առած վերելքը, որ մահուան առաջնորդող տաժանելի ճամբորդութիւն մըն է:
* * *
Սիմոն ֆելեկեանը, որուն ընդհանրապէս արհամարհանքով վերաբերած է Օշական, եղած է Դուրեանի ուսուցիչը: Ասոր մահէն ետք ձեռագրերը անցած են նոյն այդ Ֆելեկեանի ձեռքը՝ տետրակի մը կամ տետրակներու ձեւաչափով, ուր Դուրեան շատ կոկիկ հաւաքած ու ամփոփած էր իր գործերը: Ճիշդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ այդ ձեռքբերումը,− յայտնի չէ: Միայն յայտնի է ամբաստանութիւն մը, որուն յօրինումին մէջ մեծագոյն դերակատարութիւնը կը պատկանի Օշականին, թէ... Ֆելեկեան միջամտած է Դուրեանի գրութիւններուն: Ահալի-ն ալ այդ միջամտութեան մէկ արտայայտութիւնն է եղեր... իբրեւ թէ:
Ֆելեկեանի այդ ձեռագրերը հետագային ափ առին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի մատենադարանը, ուր կը մնան անոնք մինչեւ հիմա:
Ցաւալի է, որ վերոնշեալ շփոթին ակնարկողներէն որեւէ մէկը մինչեւ հիմա այդ ձեռագրերը սեփական աչքերով քննութեան ենթարկելու ձանձրոյթը յանձն չէ առած. չունինք նման վկայութիւն մը: Այլապէս բաւական յստակ պիտի երեւէր, թէ Դուրեանի ձեռագրի յատկապէս այդ բառին վրայ խաղ կատարուա՞ծ է:
Իսկ ցնոր տնօրինութիւն, շատ աւելի տրամաբանական է, որ գրուած ըլլայ՝ «սանդուխք ահալի», այսինքն՝ վախազդու, տաժանելի, ահաւոր, քան թէ... «անալի». վերջին հաշուով՝ ո՞րն է եւ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել «ալիք չունեցող սանդուխք» անհեթեթութիւնը:
Մրցոյթ 111.
***Եզակի՞, թէ՞ յոգնակի.
---Ցուցափեղկը կը յորդէր թարմ, ակնահաճոյ ու ախորժաբեր երշիկ-ով:
---Ցուցափեղկը կը յորդէր տեղական, ֆրանսական ու իտալական պանիրներ-ով:
***Ինչպէ՞ս կը շարադասես հետեւեալը.
---Չափահաս մը ամէն շաբաթ միջին հաշուով մօտաւորապէս 11 սուտ կը խօսի:
***Ո՞ր բառերը պիտի փոխարինէիր աւելի յարմարով.
---Իր բնոյթով միջնամատը ձեռքի ամենաուշագրաւ մատն է:
---Յուղարկաւորները ձեռքսեղմումով բաժնեցին (մասնակցեցան) հարազատներուն վիշտը:
---Շրջան ուղարկուող նպաստէն զուրկ մնաց այս փոքրիկ համայնքը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ եազըճեան (5), Ցոլակ Ապտալեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (6), Վահէ Աբէլեան(6), Դանիէլ Թիւքենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան(6), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 112.
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրէիր հետեւեալները.
---Ուրեմն Յորդանան գետի շրջանի բնակիչները ցանած են այդ ծառերը:
---Ատեանը կ’ամբաստանէ Փութինը գործադրած ոճիրներուն պատճառով:
---Յանցագործութիւնները յայտնի են Ասիոյ մէջ, Ափրիկէի մէջ եւ այլ տեղերու մէջ: ---Կ’երաշխաւորենք ձեր արտադրութիւնը առանց արգելքներու շուկայ հասցնել:
---Ան հրահանգեց նոյնիսկ չխնայել օրօրոցի մանուկներուն:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com