image

Հայերէնը կը զուարճանայ (152)

Հայերէնը կը զուարճանայ (152)

1. Միշտ պատրաստ

Հայերէնը հերթականօրէն նորարարութեամբ օժտելու վսեմ զգացումներով տոգորուած՝ «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը (18/12/23) կը թուի վերանայումի ենթարկել մեր հազարամեայ  քերականութեան ենթակայ-բայ թուային համաձայնութեան կանոնը, որ ահաւասիկ .

--«Քասսամի փաղանգներուն դէմ պատերազմի վճռումը ամիսներ պիտի տեւեն»: Վճռումը՝ եզակի, տեւեն՝ յոգնակի:

--«Այսրյորդանանի մէջ աճող ժողովրդականութիւնը որեւէ ծրագիրի դէմ ծառացած  մարտաhրաւէր են»: Ժողովրդականութիւնը՝ եզակի, են՝ յոգնակի:

Հապա՞՞՞...

2.Կարենալ եւ մասամբ նորին

Տարիներէ,− ընդհուպ՝ տասնամեակներէ,− ի վեր յամառ ճիգ կը թափեմ հասկցնելու Մակար Գաղիացիին՝ alias Նուազի լը Գրանդի աւատապետին (սխալմամբ աւազակապետին չհասկնաք--ԱԵ), որ երբ կարենալ բային կ’ընկերանայ այլ բայ մը, օրինակ՝ կարենալ երթալ, ապա այս երկրորդը ԱՆՀՊԵԼԻ  կը մնայ, եւ բոլոր փոփոխոթիւնները կրողը կ'ըլլայ կարենալ բայը, որ բառակապակցութեան գլխաւոր անդամի  հանգամանքով՝ ի՛նք միայն կը ճկի, կը ճգնի, կը տքնի, որպէսզի կազմենք մեր խօսքը. այսպէս՝

--երթալ կարենալ --երթալ չկարենալ

--երթալ կարենալը --երթալ չկարենալը

--երթալ կարենալու --երթալ չկարենալու

--երթալ կարենալէ --երթալ չկարենալէ

--երթալ կարենալով --երթալ չկարենալով

--երթալ կարենալու(ն) համար --երթալ չկարենալու(ն)  պատճառով

--երթալ կրցած օրը, տեղը, ժամը --երթալ չկրցած օրը, տեղը, ժամը

Այս բոլորը քանի-քանի անգամ ըսած, գրած, քարոզած եմ, անձամբ յղում կատարած եմ իրեն, սակայն օգուտ չունի. արեւելահայերը ռուսերը կապկելով կ’ըսեն՝ չի ստացւում:

Եւ ահա վերջերս նորէն գրած է՝

--Անձնդիր առաջնորդը... այդ կարենալ ընելու համար ուղին ճշդած է (Ազատ օր, «Ո՞ւր ենք, ո՞ւր հասած է ազգը», 19/12/23, էջ 6, գ. սիւնակ):

Կը մտածեմ՝

Ուղեղը այնքան լեցուած պէտք է ըլլայ  փիլիսոփայական մեծ-մեծ գիտելիքներով եւ ազգին  խոր-խոր ցաւերով, որ այլեւս տրամադրելի տեղ չկայ նորը ընկալելու. եթէ ինչ-որ  անկիւն մը ինչ-որ աննշան խորշ-մորշ մնացած էր, ան ալ Փաշինեան-ընդդիմութիւն գզուըտուքով թխմուեցաւ ու մսխուեցաւ... ու վե՛րջ:

Այս ախտաճանաչումը հաստատող ուրիշ երեւոյթներ չեն պակսիր:

Ահա օրինակներ.

--Ազգի գոյապահպանական խնդրին դիմաց, ծագումով հայո՞ւ վերաբերում ունինք թէ՝ յանձնառու ենք... (անդ):

Կէտադրական իսկական Բաբելոն մը,  ուր  առկայ բոլոր նշանները անտեղի ու սխալ կիրարկուած են. ոչինչ իր տեղն է. այս հատուածը պէտք էր կէտադրել սա՛պէս.

--Ազգի գոյապահպանական խնդրին դիմաց ծագումով հայու վերաբերում ուն՞ինք,  թէ յանձնառու ենք...:

Այլուր նոյն գրիչէն կը կարդանք.

-- կրեայ

Պէտք է ըլլայ՝  կրիայ:

-- նոր մարդը,  նոր ընկերութիւնը, եւայլն...

Հայերէնը եւայլն բառ չունի. պէտք է ըլլայ՝

-- նոր մարդը,  նոր ընկերութիւնը եւ այլն...

--միթէ՞ անկարելի է...

Ըսէ՝ մի՞թէ անկարելի է...

                                                                  *   *    *

Վերջերս խելքը  տուած է գրաբարին: Սակայն ճիգ չի թափեր ստուգելու ըսածները:

Խելքին փչածը թուղթին կը յանձնէ. ահաւասիկ.

--Հաւատք քո  կեցուցէ զքեզ :

Պէտք է ըլլայ՝  կեցուսցէ:

1916-ին «Նախանձեցայ հայրենադարձ Սիրունի...» խորագրեալ մէկ յօդուածը  կ’աւարտէր  Եհովային սիրելի  մէկ մարգարէական պատգամով.

--Ով զունկն ունի, լուիցէ...

Եօթը տարի ետք «Ո՞ւր ենք, ո՞ւր հասած է ազգը» կը պատգամէ նոյն մարգարէական սաստող ոճով ու կ’աւարտէ նոյն պատգամով՝

--Ով զունկն ունէ, լուիցէ...

Սակայն այս պարագային եւս  չի ստացուել. գրած է ունէ, փոխանակ գրելու ունի:

Նկատելի է,  որ... գրաբարագիտութիւնն ալ նահանջած է.... առանց երգի:

Գալով բառամթերքին՝ ճապկում, ամպագոռգոռ, էսթապլիշմընթ եւ նմանները անշեղ, անփոփոխ ու աննահանջ կը զարդարեն իր մարգարէաշունչ  խօսքը մշտանորոգ թափով:

3.Արժէհամակա՞րգ, թէ՞ արժեհամակարգ

Նոյն հարցումը ի զօրու է  արժ արմատը ունեցող բարդութիւններուն համար՝ արժեգին, արժեթուղթ, արժեչափ, արժետոմս  եւ այլն:

Վերջերս երկու տարբեր լրագրեր նոյն յօդուածին  մէկ բառը գրեր էին երկու տարբեր ուղղագրութեամբ՝ արժէհամակարգ՝ է-ով,  եւ արժեհամակարգ՝ ե-ով: Ո՞րն է ճիշդը:

Մեր դասականներէն մի՛այն Մալխասեանն է, որ ունի արժէ-գին եւ արժէ-թուղթ

Ինչ որ  ընդունելի չէ, քանի ասոնք է-ով գրելը ոչ մէկ հիմնաւորում ու արդարացում ունի:

Այս բառերուն  մէջ լսուող «է» հնչիւնը պարզապէս  ե յօդակապն է,  ա յօդակապի այն սակաւ կիրարկուող տարբերակը, որ կը գտնենք նաեւ այլուր՝

բաժն-ե-թուղթ հաշու-ե-կշիռ ծաղկ-ե-պսակ

դպր-ե-վանք քար-ե-տախտակ խաբ-ե-պատիր

Անշուշտ ուրիշ են արժէք-ով կազմուած բառերը՝ արժէքաւոր, արժէքային եւ այլն: 

Ասոնք պարզապէս կրկնածանցաւոր բառեր են՝ արժ-էք-աւոր, արժ-էք-ային եւ այլն:

Մինչ բարդութեան առթիւ  առաջին բաղադրիչը կը կորսնցնէ իր ածանցը. այդպէս են վերը արժ-ով բերուած օրինակները:

 

Մրցոյթ 149

***Կէտերը փոխարինէ հետեւեալներէն մէկով՝ այլ կամ այլեւ.

---Ոչ միայն պատահական խանութներ, այլ ամբողջ շուկան այրած էր

***Ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնները.

---Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն  տասը  տարբերութիւնները։

***Հետեւեալ երկուքէն ո՞ր մէկը աւելի  առոյգ ու տպաւորիչ կը գտնես.  

---Ինչ-որ ազերի Կուրբանով մը, 1917-ին հատելով հայ-ազերի սահմանը,  սպա-նած է երեք հայ զինծառայող:

***Կէտերը փոխարինէ հետեւանքով կամ շնորհիւ բառերէն մէկով.

---Այս տարի բերքը առատ էր  յորդահոս անձրեւին շնորհիւ

     Տան պարիսպները քանդուեցան յորդահոս անձրեւին հետեւանքով: 

---Անոնք  նոր դիրքեր գրաւեցին   մեր սխալ ռազմավարութեան հետեւանքով

     Նոր դիրքեր գրաւեցինք  թշնամիին սխալ ռազմավարութեան շնորհիւ:

Ճիշդ պատասխանած են՝  Յովիկ Աթոքեան (6), Գէորգ Եազըճեան (10), Շաքէ Մանկաստարեան (6), Լիւսի Տէօքմեճեան (7), Վարդի Դանիէլեան (6), Համբարձում Յարթունեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (6), Քերոբ Էքիզեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (10), Պերճ Տէր Սահակեան (8): 

Մրցոյթ 150.

***Վերաշարադասէ հետեւեալը.

---Ռուսիա պիտի շարունակէ իր ուժերը զարգացնել եւ մարտունակութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պահել:

***Վերաշարադրէ հետեւեալները.

---Օրէնքը բացթողումներով լեցուն է եւ հաստատ կերպով վիճարկումի պիտի ենթարկուի Սահմանադրական  խորհուրդի  մօտ:

---Նախարարը յանձնառութիւն յայտնեց Կազա  շարունակական դրութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւններ մտցնելու նկատմամբ:

***Ջնջէ կրկնաբանութիւնները:

---Որոշումը անձերու հիման վրայ որոշուած է եւ ոչ թէ երկրին կանոններուն:

---Այդ օրէնքներէն մէկն է հայրենիքի գերիշխանական սնտուկ մը հաստատելու  օրէնքը:


Արմենակ Եղիայեան

armenag@gmail.com