image

Կլենտէյլ. Միացեալ կրթաշրջանը պիտի քննէ Արեւմտահայերէնի դասաւանդման կարելիութիւնը

Կլենտէյլ. Միացեալ կրթաշրջանը պիտի քննէ Արեւմտահայերէնի դասաւանդման կարելիութիւնը

Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուց որոշումը՝ քննելու երկլեզու դասաւանդումներու իր ծրագիրը ընդարձակելու կարելիութիւնը, արեւմտահայերէնը եւս ներառելով անոր մէջ։

Կրթաշրջանին երկլեզու դասաւանդումներու ներկայ ծրագիրը կ՛իրականացուի 7 լեզուներով՝ արեւելահայերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, ճափոներէն, քորէայերէն եւ սպաներէն, նախամանկապարտէզէն եւ մանկապարտէզէն սկսեալ, աւելիով զարգացնելով աշակերտներուն լեզուամտածողութիւնը։ Ներկայիս անոր կը մասնակցին մօտաւորապէս 3000 աշակերտներ, կը յայտնէ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Շանթ Սահակեան։

 

Լուրը՝ «Ասպարէզ»էն