image

«Հայաստանը պէտք է ոչ մէկի հետ չշփուի, ոչ մի այլ հարթակի չմասնակցի, ոչ մէկին բարեւ անգամ չտայ». Ալեն Սիմոնեանը՝ Ռուսիոյ արձագանքի մասին

 «Հայաստանը պէտք է ոչ մէկի հետ չշփուի, ոչ մի այլ հարթակի չմասնակցի, ոչ մէկին բարեւ անգամ չտայ». Ալեն Սիմոնեանը՝ Ռուսիոյ արձագանքի մասին

Կը պարզուի՝ միջազգային հարթակներու վրայ գործընկերներու հետ նոյնիսկ շփուիլը Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը համարէ ցուցադրական հակառուսական ժեսթ: Հայաստանը պէտք է ոչ մէկու հետ շփուի, ոչ մէկ այլ հարթակի մասնակցի, ոչ մէկուն բարեւ անգամ տայ: Այս մասին ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը գրած է թելեկրամեան իր անձնական ալիքին մէջ:

«Սա են, թերեւս, «դաշնակցային ճիշդ» պատկերացումները:

Հայաստանը պէտք է մշտապէս գոյաբանական կախուածութիւն ունենայ «դաշնակցից», Հայաստանը պէտք է միշտ վախենայ, սարսափի, որ եթէ «դաշնակիցը» չլինի՝ իրեն կը սպանեն, այդ վախը, այդ սուրը միշտ պէտք է կախուած լինին հայի գլխին, որ լինի «դաշնակիցը»:

Յ.Գ. Իսկ հետաքրքիր է, օրինակ՝ Հայաստանի հետ ակտիւ պատերազմական վիճակում գտնուող Ադրբեջանին միլիարդաւոր դոլարների զէնք վաճառելը եւ ՀՀ-ի հետ համաձայնագրերով ստանձնած պարտաւորութիւններն ակնյայտ չկատարելը նոյն տրամաբանութեամբ ի՞նչ է»,- գրած է ան։