image

Հայաստանը «պէտք է կատարէ Ատրպէյճանի հանդէպ իր պարտաւորութիւնները». Էրտողան

Հայաստանը «պէտք է կատարէ Ատրպէյճանի հանդէպ իր պարտաւորութիւնները». Էրտողան

Հայաստանը «պէտք է կատարէ Ատրպէյճանի հանդէպ իր պարտաւորութիւնները», այս մասին Աստանայի մէջ մեկնարկած Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը:

Ան աւելցուցած է, որ հաղորդակցութիւններու բացումը օգուտ կը բերէ ողջ տարածաշրջանին, գրած են թրքական լրատուամիջոցները։ 

«Մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ Նախիջեւանը Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու հետ կապող փոխադրային գիծի իրականացումը։ Այս գիծի բացումը կը նպաստէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու բարեկեցութեան։ Այն Թուրքիան կը կապէ նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ հետ»,-ըսած է ան։

Էրտողան նաեւ ընդգծած է, որ թրքական աշխարհը կը շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին: