image

Հայաստանը մեզի համար առանձնայատուկ տեղ ունի. Քոփիրքին

Հայաստանը մեզի համար առանձնայատուկ տեղ ունի. Քոփիրքին

Ռուսիան աշխուժօրէն կ'աջակցի եւ պիտի աջակցի այն ամէնին, ինչ որ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ եւ անվտանգ զարգացման համար հիմքի ստեղծման: 

 

Շնորհիւ պատմականօրէն եղբայրական եւ դաշնակցային յարաբերութիւններուն` մեր ընկերներուն եւ դաշնակիցներուն շարքին առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ Հայաստանը: Ռուսիոյ օրուան առիթով պետական ընդունելութեան ժամանակ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ընդգծած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքինը: 

«Այս տարի մենք կը նշենք դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը եւ Բարեկամութեան, համագործակցութեան ու փոխադարձ օգնութեան մասին պայմանագրի ստորագրման 25-ամեակը: Այս տասնամեակներու ընթացքին մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը տարբերած է վստահելի բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեամբ, տարբեր նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու գծով աշխոյժ փոխգործակցութեամբ: Հետեւողականօրէն զարգացած են եւ կը շարունակեն զարգանալ տնտեսական կապերը. 2021 թուականի արդիւնքներով` ապրանքաշրջանառութիւնը գերազանցած է մինչհամաճարակային ցուցանիշները եւ կազմած է շուրջ 2,6 միլիառ տոլար: Ռուսիան կը պահպանէ Հայաստանի հիմնական եւ յուսալի տնտեսական եւ ներդրումային գործընկերոջ դիրքերը: Կ'ընդլայնուի մեր մշակութային, կրթական եւ մարդասիրական համագործակցութիւնը: Առանցքային նշանակութիւն ունի երկկողմ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը անվտանգութեան ոլորտին մէջ` ինչպէս տարածաշրջանային, այնպէս ալ միջազգային: Մեր երկիրները աշխուժօրէն կը փոխգործակցին միջազգային հարթակներու մէջ եւ ընդհանուր համարկման միաւորումներու` ԵԱՏՄ- ի, ՀԱՊԿ-ի եւ ԱՊՀ-ի շրջանակներուն մէջ», ըսած է դեսպանը:

Դեսպանը ընդգծած է, որ Ռուսիան աշխուժօրէն կ'աջակցի եւ պիտի աջակցի այն ամէնին, ինչ որ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի խաղաղ եւ անվտանգ զարգացման համար հիմքի ստեղծման: Անոր խօսքով` Ռուսիան, գործընկերներուն հետ սերտ փոխգործակցութեամբ յամառ եւ լարուած աշխատանքներ կը տանի տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման առումով, որոնք ուղղուած են թէ՛ ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու բացմանը, թէ՛ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու բարելաւման, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բնական, լիարժէք յարաբերութիւններու ձեւաւորման: