image

Հայաստանը կը մղեն քաղաքացիական պատերազմի. Ռուս գործիչ

Հայաստանը կը մղեն քաղաքացիական պատերազմի. Ռուս գործիչ

Հայաստանն այսօր կրկին կանգնած է շատ լուրջ վտանգի առաջ: Անոր քաղաքացիական պատերազմի կը մղեն: Այս մասին «Երեկոյ Վլատիմիր Սոլովիովի հետ» հեռուստաշոուի ժամանակ ըսած է Պետական Տումայի ԱՊՀ գործերով կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանտին Զատուլինը:

Ան յիշեցուցած է, որ «Լազարեւեան ակումբը» հանդէս եկած է համապատասխան յայտարարութեամբ: «Դիմելով Նիկոլ Փաշինեանին՝ մենք ըսած ենք, որ եթէ ան պատասխանատուութեան թէկուզ մէկ կաթիլ ունի այդ հանրապետութեան ճակատագրի համար, որուն հաւատարմութեան երդում տուած է, ապա պէտք է հեռանայ, որպէսզի մարդոց, որոնց հասարակութիւնը դեռ կը վստահի, թոյլ տայ յաղթահարել այն քաոսը, որ ինքը ստեղծած է։ Քանի որ այս պատմութեան կերպար պարոն Փաշինեանը հասցուց մեղադրել բոլորը՝ ռուսական հրթիռներէն մինչեւ հայ զինուորականներ, ընդ որում իրեն բացառձակապէս պատասխանատու չհամարելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ամենամեծ, ամենածանր պարտութեան համար: Եւ Հայաստանն այսօր կրկին շատ լուրջ վտանգի առաջ կանգնած է: Երկիրը քաղաքացիական պատերազմի կը մղեն: Եւ այդ մէկը կ'ընէ ոչ այլ ոք, քան այն մարդը, որ հանրահաւաքներու կը հրաւիրէ, մինչդեռ ան գլուխ չի հաներ ոչ կառավարումէն, ոչ հրամանատարութենէն, ոչ ալ ընդհանրապէս որեւէ բանէ: Դեռ ի՞նչ պէտք է պատահի Հայաստանի մէջ, որպէսզի մարդիկ եզրակացութիւն ընեն այս իշխանութեան որակի մասին: Իշխանութիւնները, որոնք յայտնի ետնաբակերէն եկած են «հանել ռուսական ռազմակայանը Հայաստանէն», «մենք պէտք է վերակողմնորոշուինք դէպի արեւմուտք» կարգախօսներով... Մենք  գիտենք, թէ Փաշինեանը ինչով մտած է քաղաքականութիւն»,- ըսած է ան: