image

Պաքուն 15-19 տարուան ազատազրկման դատապարտած է քաղաքացիական 8 հայեր

Պաքուն 15-19 տարուան ազատազրկման դատապարտած է քաղաքացիական 8 հայեր

Պաքուի դատարանը հրապարակած է հայ գերիներու նկատմամբ հերթական շինծու դատավճիռները։

Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, դատարանը կեղծ դատավարութեան արդիւնքներով 19 տարուան ազատազրկման դատապարտած է Մադաթ Բաբայեանը եւ Մելիքսեթ Փաշայեանը, Դաւիթ Ալլահվերդեանը դատապարտուած է 16 տարուան ազատազրկման։

Էրիկ Ղազարեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը եւ Վասիլի Բեգլարեանը դատապարտուած են 15, Լեւոն Բալայեանը՝ 16,իսկ Գարիկ Մարտիրոսեանը՝ 18 տարուան ազատազրկման։

Նշուած է, որ Մադաթ Բաբայեանի համար մեղադրող դատախազը պահանջած էր 20 տարուան ազատազրկում։

Մինչ այդ հրապարակուած էին ԼՂ նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ վճիռները։