Ռուսիան եւ Հայաստանը վերջին տասնամեակներու ընթացքին ամուր հիմք դրած են ռազմավարական գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համար։ Այս մասին երեքշաբթի ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» քննարկման հարթակի նիստի մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն ուղղուած ուղերձին մէջ, որ ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:
«Սրտանց կ'ողջունեմ Երեւանի մէջ «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» ֆորումի կազմակերպիչները եւ մասնակիցները, որ հեղինակաւոր հարթակ է տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի ամենահրատապ հարցերու շուրջ փորձագիտական քննարկումներու համար: Այս նիստը Հայաստանի մէջ տեղի կ'ունենայ այն տարին, երբ մենք կը նշենք մեր եղբայրական երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը։ Անցած տասնամեակներու ընթացքին, յենուելով ամուր բարեկամական կապերու եւ փոխադարձ համակրանքի վրայ, մենք յաջողեցանք ամուր հիմքեր դնել երկարաժամկէտ ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցութեան համար»,-ըսած է Լաւրով իր ուղերձին մէջ։
Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը նաեւ ընդգծած է միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ հրաւիրուած փորձագէտներու ծանրակշիռ կազմը եւ աւելցուցած, որ անոնք պէտք է քննարկեն հարցերու լայն շրջանակ՝ ռուս-հայկական յարաբերութիւններու հեռանկարային վիճակէն մինչեւ Կովկասի մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման ուղին։
«Համոզուած եմ, որ քննարկումներու արդիւնքները հնարաւորութիւն կու տան մշակել օգտակար եւ գործնական առաջարկութիւններ եւ կը նպաստեն մեր ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան եւ փոխըմբռնման ամրապնդման», -ըսած է Լաւրով։