Դեկտեմբեր 12-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ մեկնարկած է Զինուած հակամարտութիւններու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954 թուականին Հաակայի համաձայնագրի Երկրորդ արձանագրութեան մասնակից պետութիւններու 10-րդ հանդիպումը, որու շրջածիրէն ներս կայացած ընտրութիւններու արդիւնքներով Հայաստանը կրկին դարձած է Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցերով կոմիտէի անդամ՝ 2023-2027 թուականներու ժամանակահատուածի համար:
Հայաստանը Կոմիտէի անդամ հանդիսացած է նաեւ 2013-2021 թուականներուն՝ հանդէս գալով շարք մը նախաձեռնութիւններով․ 2020 թուականին Հայաստանի նախաձեռնութեամբ Կոմիտէի կողմէ միաձայն ընդունուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան վիճակը գնահատելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան անյապաղ գործուղման վերաբերեալ յայտարարութիւն։
Նախաձեռնուած է նաեւ Երկրորդ արձանագրութեան ընթացակարգերու վերանայման գործընթացը՝ ծայրայեղ հրատապ իրավիճակներու մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի արագ արձագանգման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու նպատակով, որու անհրաժեշտութիւնը ծագած էր 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց մայր տաճարի թիրախաւորուած ռմբակոծութենէն ետք։
Տեղեկանք․ «Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954թ. Հաակայի համաձայնագրին կից 1999թ. Երկրորդ արձանագրութեան Կոմիտէի կարեւոր գործառոյթներէն է Արձանագրութեան կիրառման գործընթացի վերահսկումը եւ ուղենշային սկզբունքներու մշակումը, անդամ երկիրներու պարբերական զեկոյցներու քննարկումը, ինչպէս նաեւ՝ մշակութային արժէքներու համար ուժեղացուած պաշտպանութեան կարգավիճակի տրամադրումը: